Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրաքուէէն Երկու Օր Առաջ «Պրեքզիթի»-ին Աջակցողներուն Եւ Ընդդիմացողներուն Թիւը Հաւասար Է

June 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

UK-EU_62116

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէէն երկու օր առաջ երկու հարցախոյզներ տրամագծօրէն հակառակ պատկերը ցոյց կու տան:

«Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին համար «Օ.Առ.Պի.» ընկերութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Պրիւքսէլի հետ յարաբերութիւններու պահպանման կողմնակիցներուն թիւը կազմած է քուէարկողներուն 53, իսկ դէմ եղողներունը` 46 առ հարիւր:

Այսպիսով, «Պրեքզիթ»-ին կողմնակիցները կորսնցուցած են յառաջատարի դիրքը, որ ունէին համաձայն նախորդ հարցախոյզին արդիւնքին, որ հրապարակուած էր 13 յունիսին: Այն ժամանակ 1 առ հարիւրի առաւելութիւն ունէին «Պրեքզիթ»-ին կողմնակիցները:

21 յունիսին երկու ճամբարներուն միջեւ տարբերութիւնը հասաւ 7 տոկոսային կէտի: Հրատարակութիւնը ընտրողներու նախասիրութիւններուն այսքան նկատառելի փոփոխութիւնը կը վերագրէ Աշխատաւորական կուսակցութենէն երեսփոխան Ճօ Քոքսի սպանութեան, որ տեղի ունեցած էր 16 յունիսին: Աջակողմեան արմատական գործազուրկի մը ձեռքով Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան աջակցող 41-ամեայ երեսփոխանին մահը ցնցեց Բրիտանիան, ինչ որ իր արտացոլումը գտաւ կիրակնօրեայ հարցախոյզերուն մէջ: Անոնք ցոյց տուին, որ «Պրեքզիթ-ին կողմնակիցները կորսնցուցած են յառաջատարի դիրքը:

«Թայմզ» օրաթերթին համար «ԵուԿով» ընկերութեան կողմէ պատրաստուած այլ հարցախոյզ մը վերստին ցոյց տուած է «Պրեքզիթ»-ին կողմնակիցներու յառաջատարութիւնը. հարցախոյզի մասնակիցներուն 44 առ հարիւրը մտադիր է 23 յունիսի հանրաքուէին քուէարկել Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու օգտին: Եւրոպական համարկման ջատագովներուն թիւը կը կազմէ 42 առ հարիւր»:

«Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» իր ընթերցողները յորդորեց 23 յունիսի հանրաքուէի ընթացքին քուէարկել ի նպաստ Բրիտանիոյ` միութենէն դուրս գալուն:

«Բազմաթիւ կարելիութիւններ կը սպասեն ամբողջովին անկախ Բրիտանիոյ: Այս երկիրը յառաջատար տնտեսական ուժ է, ան կը խօսի համաշխարհային լեզուով, անոր օրէնքները կը յարգեն, իսկ անոր` իբրեւ ազնիւ գործընկերոջ, հեղինակութիւնը հաւասարը չունի», կը նշուի յօդուածին մէջ` աւելցնելով. «Պնդել, թէ մենք պիտի չբարգաւաճինք` ազատուելով Եւրոպական Միութեան սահմանափակումէն, պարտուողականութիւն է եւ կը հակասէ այս երկրի մեծ առեւտրական աւանդութիւններուն»:

Այսպիսով, «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» կանգնեցաւ Բրիտանիոյ մէջ առաւել մեծ ժողովրդականութիւն վայելող հրատարակութիւններէն մէկուն` «Տը Սան»-ի կողքին, որ կ՛աջակցի «Պրեքզիթ»-ին:

Իրենց ընթերցողներուն Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը պահպանելու ի նպաստ քուէարկելու կոչ ուղղած են «Թայմզ», «Ֆայնենշըլ Թայմզ», «Տը Կարտիըն» եւ «Տը ՏԷյլի Միրըր» օրաթերթերը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երէկ զգուշացուց, որ եթէ բրիտանացիները որոշեն ի նպաստ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն քուէարկել, ապա ատիկա պիտի ըլլայ «անդառնալի» որոշում մը: Մէկ օր առաջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ իր կարգին զգուշացուցած էր. «Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը պիտի ըլլայ անդառնալի որոշում մը»:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Շէյխ Քասեմը Քաղաքացիութենէ Զրկելու Պահրէյնի Որոշումին Հակազդեցութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.