
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի դէմ արձակուած բանտարկութեան վճիռները եւ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Մուսրիի դէմ արձակուած ցկեանս բանտարկութեան վճիռին նկատմամբ` նշելով, որ այդ «վճիռը պիտի չնպաստէ Եգիպտոսի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման»:
Յիշեցնենք, որ Գահիրէի քրէական հարցերու դատարանը շաբաթ օր «Քաթարի հետ հաղորդակցութեան» գործով արձակեց շարք մը վճիռներ, որոնց ծիրին մէջ Մուրսին դատապարտեց 40 տարուան բանտարկութեան, իսկ 6 ուրիշ ամբաստանեալներու, որոնց շարքին` չորս լրագրողներ, որոնցմէ մէկը` յորդանանցի մը, դէմ արձակեց մահավճիռ:
Նախքան այդ, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած եւ ամբողջովին մերժած էր արձակուած վճիռին մէջ Քաթարի անունին օգտագործումը` զայն նկատելով «արաբական պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ վտանգաւոր նախադէպ մը, ինչպէս նաեւ արդարութեան ու ճշմարտութեան հակասող երեւոյթ»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ անդրադառնալով Քաթարի կեցուածքին յայտնեց, որ զարմանալի չէ, որ իր լրատուամիջոցները Եգիպտոսի եւ անոր ժողովուրդին դէմ թշնամութեան համար զինուորագրած երկիր մը այդպիսի կեցուածք արտայայտէ: Ան վերահաստատեց Քաթարի ժողովուրդին հետ եղբայրական յարաբերութիւնները` նշելով, որ Եգիպտոս պիտի շարունակէ արաբական բոլոր ժողովուրդներուն շահերը հոգալ եւ ան այլ երկիրներու ներքին հարցերուն չի միջամտեր:


