
2016-ի առաջին կիսամեակին տարբեր մարզերու շարք մը օտարերկրացի ներդրողներ հեռացած են Թուրքիայէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»` վկայակոչելով թրքական «Սէօզճիւ» թերթին կայքը: 2016-ի առաջին եռամսեակին Թուրքիա մուտք գործած անմիջական ներդրումներուն ծաւալը 52,6 տոկոսով կրճատուած է` կազմելով 2 միլիառ տոլար:
Արտասահմանցի ներդրողներուն համար Թուրքիոյ մէջ նպաստաւոր պայմաններ չկան նաեւ կրթական մարզին մէջ: 2011-ին Պահչեշեհիր քոլեճի համասեփականատէր դարձած «Քարլայլ»-ը եւ «Տողա» քոլեճին մէջ ներդրումներ կատարած «Թիւրքվեն»-ը եւս վաճառքի հանած են իրենց բաժնեմասերը: Նշենք, որ Պահչեշեհիր քոլեճը ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին ունի 69 ճամբար, 141 դպրոց եւ 25.000 աշակերտ, իսկ «Տողա» քոլեճի սաներուն թիւը թրքական 35 քաղաքներու մէջ կը հասնի 55.000-ի:


