
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ զգուշացուց, որ Բրիտանիան պիտի չկարենայ Եւրոպական Միութեան կազմ վերադառնալ, եթէ հինգշաբթի օր նախատեսուած հանրաքուէին իբրեւ արդիւնք հրաժարի միութեան անդամակցութենէն:
«Անդառնալի որոշում մըն է: Եթէ որոշեցին հեռանալ Եւրոպական Միութենէն, ապա ետդարձ պիտի չմնայ: Բրիտանիան հետագային Եւրոպական Միութեան պիտի կարենայ վերամիանալ միայն անընդունելի պայմաններով», ինչպէս` եւրոյի կամ «Շենկեն»-ի գօտիներուն միացման պարտադրուելով:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը նախատեսեց, որ երկու ճամբարներուն ապահովելիք քուէներուն համեմատութիւնը իրարու շատ մօտ պիտի ըլլայ:
Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ հանրաքուէին նախօրեակին Բրիտանիոյ մէջ յառաջացած է պառակտում մը, որ սրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան աջակցող երեսփոխան Ճօ Քոքսի` անդամակցութեան դէմ եղող նոր նացիականի մը ձեռամբ սպանութենէն ետք:
Բրիտանական ընդդիմութեան ղեկավարներէն Նայճըլ Ֆարաժ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը ամբաստանեց Քոքսի սպանութեան դէպքը ի նպաստ անդամակցութեան ճամբարին շահագործելու համար:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հարց տուաւ. «Քամերոն ինչո՞ւ կը կազմակերպէ այս հանրաքուէն: Եւրոպան շանթաժի՞ ենթարկելու համար, թէ՞ վախցնելու համար: Ի՞նչ է ատոր նպատակը, եթէ ինք անձնապէս Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն դէմ է»:
«Ասիկա մեր հարցը չէ, բրիտանացի ժողովուրդին հարցն է: Ես այս հարցով իմ տեսակէտս ունիմ, սակայն զայն ժամանակէն առաջ պիտի չյայտնեմ», ըսաւ Փութին:


