Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

June 23, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Putin_62216

– ՌՈՒՍԻՈՅ նախագահ Վլատիմիր Փութին Տումայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց «ահաբեկչութեան դէմ ներկայ պատերազմին մէջ դասեր քաղելու Համաշխարհային Բ. պատերազմէն»` շեշտելով, որ «անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ ամրապնդելու մեր զինուորական պատրաստուածութիւնը ընդդէմ ՕԹԱՆ-ի»: Փութին ըսաւ, որ «ՕԹԱՆ իր թշնամական խօսքերը կը շատցնէ, եւ Ռուսիան ստիպուած է պատասխանելու»` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է միջոցառումներ որդեգրել Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ ՕԹԱՆ-ի թշնամական վարմունքներէն մեր անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար»:

– ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կախեալ է յաջորդ երկկողմանի բանակցութեան ընթացքին Իսրայէլի կեցուածքէն: «Իսրայէլի որդեգրելիք միջոցառումներուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ յառաջիկայ ժողովին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացնել», ըսաւ ան` առանց այդ ժողովին թուականը նշելու:

– «ՌՈՅԹԸՐԶ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Գերմանիոյ պէտք պիտի ըլլայ զգալիօրէն աւելցնել պաշտպանութեան ծախսերը` արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու համար: Ան ըսած է, որ ներկայիս Եւրոպական Միութիւնը ի վիճակի չէ ինքզինք պաշտպանելու եւ չի կրնար միշտ յոյս դնել Միացեալ Նահանգներու հետ անդրատլանտեան գործընկերութեան վրայ: «Ատիկա կը նշանակէ, որ այնպիսի երկիր մը, ինչպիսին Գերմանիան է, որ պաշտպանութեան նպատակներով կը ծախսէ համախառն ներքին արտադրութեան մօտաւորապէս 1,2 առ հարիւրը, եւ Միացեալ Նահանգները, որ կը ծախսէ 3,4 առ հարիւրը, պէտք է այդ ցուցանիշով իրարու մօտ ըլլան», նշած է ան:

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի կը յայտնէ, որ իր երկրի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցած է նախարարութեան աշխատակից այն դիւանագէտներուն հետ, որոնք խնդրագիրի մը ճամբով կոչ ուղղած էին, որ Միացեալ Նահանգներ յարձակում գործեն Սուրիոյ դէմ:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ 119-րդ Լսարան. Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան Ներկայացուց «Արեւմտահայերէնը` Կենսունակ Լեզու» Նիւթը

Յաջորդը

Այսօր Կը Վճռուի Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հարցը. Քամերոն. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Հանրաքուէի Արդիւնքը Անկարելի Է Կանխատեսել»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.