Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա Կը Փորձէ Զինուորական Միջոցներով Ստեղծել Իր Ազդեցութեան Գօտին» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

June 20, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Stoltenberg_61516

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ 16 յունիսին գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ կը պնդէ, որ Ռուսիան կը մեծցնէ իր զինուորական ներուժը եւ ատոր օգնութեամբ կը ձգտի ստեղծել իր ազդեցութեան գօտին:

«Ռուսիան կը փորձէ զինուորական միջոցներով իր ազդեցութեան գօտին ստեղծել: Մենք զինուորական ներուժի ընդգրկուն յաւելում կը տեսնենք ՕԹԱՆ-ի սահմանին վրայ` Բեւեռի, Պալթիք ծովու շրջանին, Սեւ ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով երկարող տարածքին մէջ: Եւ մենք ռուսական կողմէն նախապէս չյայտարարուած յարձակողական մեծ ռազմափորձեր կ՛արձանագրենք: Ատոր մենք հարկադրուած ենք հակազդել», ըսած է Սթոլթենպերկ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին կարծիքով` ուժի դրսեւորումը եւ բանակցութիւններ վարելու պատրաստակամութիւնը «լաւագոյն պայմաններն են Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւն կատարելու համար»: «Յստակ է, որ մենք առճակատում եւ նոր Պաղ պատերազմ չենք ուզեր Ռուսիոյ հետ», հաւաստած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ Սթոլթենպերկ նշած է, որ համացանցային գրոհը նոյնպէս «կրնայ գնահատուիլ իբրեւ յարձակում դաշինքի անդամներէն մէկուն դէմ»:

Օթան Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Իր Ուժերն Ու Ս
պառազինութիւնը
Հեռացնելու Ուքրանիայէն

ՕԹԱՆ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց իր ուժերն ու սպառազինութիւնները հեռացնելու Ուքրանիայէն: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ քննադատեց Ուքրանիոյ տագնապին նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքն ու Արեւելեան Ուքրանիոյ զինեալներուն ցուցաբերած զինուորական օժանդակութիւնը:

«Երկրին արեւելքը գտնուող անջատողականներուն Ռուսիոյ աջակցութիւնը վերջին ամիսներուն մեծապէս աւելցաւ», ըսաւ Սթոլթենպերկ:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ երեքշաբթի օր յայտարարած է. «Մենք որոշած ենք ամրապնդել յառաջաւոր զօրքի ներկայութիւնը Եւրոպայի արեւելքին մէջ` հերթականութեան դրութեան հիմքի վրայ տեղադրելով չորս գումարտակ Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ»:

Ան ընդգծած է, որ բոլոր այսպիսի միջոցառումները նպատակ ունին միայն ապահովել Դաշինքին անվտանգութիւնը: Ըստ անոր, ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ հետ դիմակայման չի ձգտիր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական համագործակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Անտրէյ Քելին յայտարարած է, որ ռուսական կողմը ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխան քայլերու ձեռնարկելու Լեհաստանի եւ միւս երկիրներուն մէջ ՕԹԱՆ-ի լրացուցիչ գումարտակներու տեղակայման պատճառով: «Այդ մէկը (ՕԹԱՆ-ի քայլը, «Ա.») պիտի ըլլայ ուժերու վտանգաւոր աճ` մեր սահմաններուն բաւական մօտ տարածքի մը մէջ», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Էրտողանի Մասին Վիրաւորական Արտայայտութիւնները Եթեր Հեռարձակած Պատկերասփիւռի Կայանները Տուգանքի Ենթարկուած Են

Յաջորդը

«Պրեքզիթ»-ին Դէմ Եղողները` Դարձեալ Յառաջատար Դիրքի Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.