Միջազգային

Էրտողանի Մասին Վիրաւորական Արտայայտութիւնները Եթեր Հեռարձակած Պատկերասփիւռի Կայանները Տուգանքի Ենթարկուած Են

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը վարչական տուգանք սահմանած է շարք մը պատկերասփիւռի կայաններու դէմ, որոնք ուղղակի կերպով սփռած են քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին հնչած «վիրաւորական» կոչերը: Պատիժի արժանացած պատկերասփիւռի կայաններն են «Ճան Էրզինճան», «Հապերթիւրք», «Էն. Թի. Վի.», «Ուլուսալ», «Սի. Էն. Էն. Թիւրք», «Պենկիւթիւրք» եւ «Հալք թի....

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

«ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ ԱՐԱՊԻԱ» հաղորդեց, որ թուրք սահմանապահները Ժըսըր Շուղուրի մօտ կրակ բանալով գնդակահարած են 11 անդամները սուրիացի ընտանիքի մը, որ կը փորձէր Իտլիպի մէջ ծաւալով մարտական գործողութիւններէն փախուստ տալով մուտք գործել Թուրքիա: Զոհերուն շարքին են մանուկներ եւ կիներ: ՌՈՒՍԻՈՅ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ մէջ աւելի լաւ համակարգում կատարելու` կանխարգիլելու համար զինուորական արկածները:...

Ռուսիա Ռմբակոծած Է Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը Վայելող Սուրիացի Ընդդիմադիրներ

Ռուսիա Ռմբակոծած Է Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը Վայելող Սուրիացի Ընդդիմադիրներ

Ամերիկացի Դիւանագէտներ Կը Յորդորեն Օպաման Ռմբակոծելու Սուրիան, Ռուսիա Կը Հակազդէ Ամերիկացի զինուորական պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ռուսիա հինգշաբթի օր հարաւային Սուրիոյ մէջ Թանաֆի մօտ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող սուրիացի ընդդիմադիր ուժերու, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող ուժերու դէմ օդային հարուածներ հասցուցած է: Ան քննադատելով այդ օդային հարուածները նշած է. «Ռմբակոծման ժամանակ շրջանին մէջ ռուսական կամ սուրիական ցամաքային...

Ազրպէյճանի Մէջ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Ազրպէյճանի Մէջ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

  Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու պատրաստութեան 2016-ի ծրագիրին համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ 19-24 յունիսին տեղի պիտի ունենան լայնածաւալ մարտավարական ռազմափորձեր` զօրքերու ղեկավար մարմիններու, զօրամիաւորումներու եւ զօրամասերու մասնակցութեամբ: Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան սահմանամերձ շրջաններու եւ Նախիջեւանի, ինչպէս նաեւ Կասպից ծովու ազրպէյճանական հատուածին մէջ:

Զէյպեքչի. «Անգարա Չ՛ափսոսար Վար Առնուած Ռուսական Օդանաւին Համար»

Զէյպեքչի. «Անգարա Չ՛ափսոսար Վար Առնուած Ռուսական Օդանաւին Համար»

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքչի յայտարարած է, որ Թուրքիան չ՛ափսոսար ռուսական օդանաւին վար առնուելուն հետ կապուած միջադէպին համար, սակայն վշտացած է: «Ռուսական կողմը նոյնպէս պէտք է վշտացած ըլլայ: Մենք կ՛ենթադրենք, որ անոնք նոյնպէս վշտացած են` թրքական օդային տարածքի մտադրուած խախտումին համար», նշած է թուրք նախարարը: Նախարարը աւելցուցած է, որ տուեալ իրավիճակին մէջ Ռուսիա...

Քանատայի Մէջ Յարձակումներ Քեպեքի Վարչապետը Թիրախ Դարձաւ Յարձակումի

Քանատայի Մէջ Յարձակումներ Քեպեքի Վարչապետը Թիրախ Դարձաւ Յարձակումի

Քանատայի Քեպեք նահանգի վարչապետ Ֆիլիփ Քուիյար Մոնրէալի մէջ ենթարկուեցաւ յարձակումի: Երիտասարդ մը Օրլանտոյի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին քարկոծեց վարչապետը: Դէպքէն ետք ոստիկանութիւնը յաջողեցաւ ձերբակալել երիտասարդը, իսկ ապահովական մարմինները վարչապետն ու ոգեկոչման ներկայ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւնները, որոնց շարքին` Քանատայի կառավարութենէն քանատական ժառանգութեան նախարար Միլանի Ժոլին եւ ընտանիքի, մանուկներու հարցերու եւ ընկերային զարգացման նախարար Ժան-Իվ Տիւքլոն հեռացուցին դէպքի վայրէն: Միւս կողմէ,...

Ըստ Հարցախոյզի Մը Քլինթըն 6 Կէտով Կը Գերազանցէ Թրամփը

Ըստ Հարցախոյզի Մը Քլինթըն 6 Կէտով Կը Գերազանցէ Թրամփը

Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի քուէարկողներուն մօտ ժողովրդականութեան համեմատութիւնը 6 կէտով կը գերազանցէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տոնալտ Թրամփի ժողովրդականութեան համեմատութիւնը: 9-էն 13 յունիսի միջեւ 1280 անձերու մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ պիտի արձանագրէ Քլինթըն` ստանալով քուէներուն 43 առ հարիւրը, իսկ Թրամփ...

«Հալէպի Հարցով Միացեալ Նահանգներու Համբերութեան Սպառման Մասին Քերրիի Յայտարարութիւնները Զարմանք Կը Պատճառեն»   Ըսաւ Լաւրով

«Հալէպի Հարցով Միացեալ Նահանգներու Համբերութեան Սպառման Մասին Քերրիի Յայտարարութիւնները Զարմանք Կը Պատճառեն» Ըսաւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթին մէջ յառաջդիմութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով. «Հալէպի հարցով Միացեալ Նահանգներու համբերութեան սպառման մասին Քերրիի յայտարարութիւնները զարմանք կը պատճառեն»: Լաւրով Միացեալ Նահանգները յորդորեց «սուրիական թղթածրարին վերաբերեալ աւելի համբերատար ըլլալու»` շեշտելով. «Ռուսիան Սուրիոյ հարցով ոեւէ մէկուն խոստում չէ տուած»: Քերրի մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Անհրաժեշտ է, որ Ռուսիա հասկնայ, թէ...

Ազրպէյճանական Ստորաբաժիններ Կը Մասնակցին  Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Ռազմափորձերուն

Ազրպէյճանական Ստորաբաժիններ Կը Մասնակցին Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Ռազմափորձերուն

«Հաքքին.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ 20 յունիսին Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսին միջազգային «Ըշըք-2016» ռազմափորձերը, որոնց պիտի մասնակցին Ազրպէյճանի, Հունգարիոյ, Ռումանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Հիւսիսային Կիպրոսի ցամաքային եւ օդային ուժերը: Ռազմափորձերուն նպատակն է փրկարարական գործողութիւններու ղեկավարման հոլովոյթի զարգացումը: Ռազմափորձերը պիտի աւարտին 30 յունիսին:

Իսրայէլի Մէջ Կ՛ուզեն Օրէնքի Ուժով Դադրեցնել Զէնքի Վաճառքը Բռնութիւն Կիրարկողներուն

Իսրայէլի Մէջ Կ՛ուզեն Օրէնքի Ուժով Դադրեցնել Զէնքի Վաճառքը Բռնութիւն Կիրարկողներուն

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով իսրայէլեան «Տը Թայմզ աֆ Իզրայէլ» թերթը կը հաղորդէ, որ Քնեսեթի անդամներ կը պատրաստեն նոր օրինագիծ մը, որուն համաձայն, պիտի դադրեցուի զէնքի վաճառքը ամբողջ աշխարհի տարածքին բոլոր անոնց, որոնք մարդու իրաւունքները լայնածաւալ կերպով կը խախտեն: Առաջարկը հաւանութեան պիտի արժանանայ Քնեսեթի 10-էն 7 կուսակցութիւններու, ներառեալ` երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութենէն 18 անդամներու կողմէ: Օրինագիծը բարեփոխուած տարբերակն է արդէն...

Բրիտանացի Երեսփոխան  Մը Սպաննուեցաւ

Բրիտանացի Երեսփոխան Մը Սպաննուեցաւ

Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութենէն երեսփոխան, 41-ամեայ Ճօ Քոքս ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ ապա մահացաւ, երբ կրակոցի ենթարկուեցաւ եւ դաշիւնահարուեցաւ: Դէպքի ընթացքին վիրաւորուեցաւ նաեւ այլ անձ մը: Պաթլի անտ Սփեն շրջանէն երեսփոխանի օգնականը հաստատեց, որ ան յարձակումի ենթարկուեցաւ: Ուեսթ Եորքշայրի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Պիրթըլի Մարքեթ փողոցին վրայ ձերբակալուած է 52 տարեկան մարդ մը: Երեսփոխանը մօտակայ վայրի մը մէջ բժշկական գործողութիւններու շաբաթական խորհրդատուութիւն կը...

Մուտքի Արտօնագիրի  Ազատականացման Հարցով. Թուրքիա Չէ Կատարած Եւրոպական Յանձնաժողովին Կողմէ Ներկայացուած 72 Պայմաններէն 9-ը

Մուտքի Արտօնագիրի Ազատականացման Հարցով. Թուրքիա Չէ Կատարած Եւրոպական Յանձնաժողովին Կողմէ Ներկայացուած 72 Պայմաններէն 9-ը

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ներքին գործերու եւ գաղթի հարցերով յանձնակատար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիան մինչեւ հիմա չէ կատարած Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման համար Պրիւքսէլի կողմէ ներկայացուած բոլոր անհրաժեշտ պայմանները: Եւրոպական Միութեան տարեկան հերթական զեկուցումի տուեալներուն համաձայն, Անգարա չէ կատարած Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ ներկայացուած 72 պայմաններէն 9-ը: Մասնաւորաբար, Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւններ...

«ՏԱՀԵՇ Արեւմուտքի Մէջ Նոր Յարձակումներ Կատարելու Կը Պատրաստուի»   Կ՛ըսէ Պրենըն

«ՏԱՀԵՇ Արեւմուտքի Մէջ Նոր Յարձակումներ Կատարելու Կը Պատրաստուի» Կ՛ըսէ Պրենըն

«Սի.Այ.Էյ.»-ի ղեկավար Ճոն Պրենըն զգուշացուց, որ ՏԱՀԵՇ պիտի շարունակէ փորձ կատարել Արեւմուտքի մէջ յարձակումներ գործելու եւ ներկայիս աշխատանք կը տանի յաւելեալ զինեալներ ուղարկելու արեւմտեան երկիրներ: Պրենըն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ լսումի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ նոր զինեալներ մարզած է եւ կը փորձէ զանոնք տեղակայել Արեւմուտքին մէջ այդտեղ յաւելեալ յարձակումներ կազմակերպելու համար: «Սի.Այ.Էյ.»-ի ղեկավարը յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ Արեւմուտքին մէջ բաւարար...

«Իրան Միացեալ Նահանգներու  Դէմ Դատ Բացաւ»   Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Իրան Միացեալ Նահանգներու Դէմ Դատ Բացաւ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց. «Թեհրան Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մօտ Միացեալ Նահանգներու դէմ դատ բացաւ Իրանի կեդրոնական դրամատան գումարներէն շուրջ 2 միլիառ տոլար գրաւելուն ու յափշտակելուն համար»: Իրան պահանջած է դատապարտել այդ թշնամական միջոցառումը եւ վնասուց հատուցում կատարել: Ռուհանի շեշտեց, որ իրանեան կառավարութիւնը այս հարցը պիտի հետապնդէ մինչեւ որ դրամներուն վերատիրանայ եւ միջոցառումին պատճառած վնասներուն փոխհատուցում ստանայ: Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն...

Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Դիմումի Ջնջման

Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Դիմումի Ջնջման

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Զուիցերիան ետ պիտի վերցնէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իր խնդրագիրը, որ տրուած էր 1992-ին: 15 յունիսին այդ որոշումը որդեգրած է նահանգներու խորհուրդը` Զուիցերիոյ խորհրդարանի «փոքր պալատը»` պաշտպանելով «Մեծ պալատ»-ի` Ազգային խորհուրդի մարտին որդեգրած որոշումը: Դիմումը ետ վերցնելու որոշումը որդեգրուած է 27 թեր եւ 13 դէմ քուէներով: Մարտին Ազգային խորհուրդին մէջ նոյն որոշումը որդեգրուած էր 126 թեր, 46...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ  մէջ «Սորվիշըն» ընկերութեան կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի կողմնակիցներուն համեմատութիւնը 45 առ հարիւր է, իսկ անոր դէմ եղողներունը` 42 առ հարիւր: «Իփսոս Մորի» ընկերութեան կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ քուէարկողներուն 53 առ հարիւրը պիտի քուէարկեն ի նպաստ «Պրեքզիթ»-ի, իսկ 47 առ հարիւրը կ՛ուզեն, որ իրենց երկիրը մնայ Եւրոպական Միութեան անդամ: - «ԹՐԵՆՏ»...

«Սուրիոյ Նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու Համբերութիւնը Կը Սպառի» Կ՛ըսէ Քերրի

«Սուրիոյ Նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու Համբերութիւնը Կը Սպառի» Կ՛ըսէ Քերրի

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ զգուշացուցած է Ռուսիան, որ սուրիական տագնապին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու համբերութիւնը «կը սպառի»: «Անհրաժեշտ է, որ Ռուսիա հասկնայ, թէ մեր համբերութիւնը անվերջ չէ, փաստօրէն, անիկա խիստ սահմանափակուած է անով, որ Ասատը արդեօք պիտի ենթարկուի՞ պատասխանատուութեան», յայտնած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:  

Փեսքով. «Էրտողանի` Փութինին Յղած Նամակին Պատասխանելու Կարիք Չկայ»

Փեսքով. «Էրտողանի` Փութինին Յղած Նամակին Պատասխանելու Կարիք Չկայ»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած նամակին պատասխանելու կարիք չկայ: Մէկ օր առաջ Քրեմլինէն հաստատած էին, որ ստացած են Էրտողանի ուղերձը, որուն մէջ վերջինս Փութինը եւ բոլոր ռուսերը կը շնորհաւորէր «Ռուսիոյ օրուան» առիթով եւ յոյս կը յայտնէր, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները կը բնականոնանան եւ կը բարձրանան «արժանի...

Շոյկու. «Մոսկուան Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ Ազրպէյճանի Հետ Ռազմավարական Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Համար»

Շոյկու. «Մոսկուան Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ Ազրպէյճանի Հետ Ռազմավարական Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Համար»

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ 15 յունիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած է միջազգային անվտանգութեան հարցեր, ներառեալ` Անդրկովկասի եւ Կասպից ծովու շրջանին մէջ: «Մեր զինուորական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր երկիրներուն միջեւ մնացած ամբողջ համագործակցութիւնը ռազմավարական բնոյթ կը կրէ: Եթէ խօսինք մեր համագործակցութեան եւ 2016-ին համագործակցութեան ծրագիրին մասին, ատիկա...

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Նոր Գոյացութիւններու Հաստատումը Պիտի Չարտօնենք»   Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Նոր Գոյացութիւններու Հաստատումը Պիտի Չարտօնենք» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց. «Անգարա Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան կ՛աջակցի եւ այդ երկրին հիւսիսը նոր գոյացութիւններու հաստատումը պիտի չարտօնէ»: «Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը (ՔԱԿ-ը,  «Ա.»), որ իր յոյսը կորսնցուցած է, այլ ահաբեկիչներ կը հաւաքէ եւ կը փորձէ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ լուծումներ գտնել», նշեց ան: «Չենք կրնար արտօնել, որ Սուրիոյ մէջ գործող եւ Թուրքիոյ անդորրութիւնը խախտող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շրջանային...

Page 784 of 882 1 … 783 784 785 … 882

Արխիւներ