Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմը Քաղաքացիութենէ Զրկելու Պահրէյնի Որոշումին Հակազդեցութիւնները

Յունիս 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bahrain_62116

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է շէյխ Իսա Քասեմը պառակտում յառաջացնելու ամբաստանութեամբ իր քաղաքացիութենէն զրկելու Պահրէյնի որոշումէն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ չէ որեւէ փաստէ, որ կ՛արդարացնէ այդ միջոցառումին որդեգրումը:

Քըրպի ըսաւ, որ իր երկրին մտահոգութիւնը աճ արձանագրած է այն տեղեկութիւններէն ետք, որ շէյխ Քասեմ չէ կրցած արդարադատական թափանցիկ հոլովոյթի մը ճամբով իր դէմ ներկայացուած ամբաստանութիւններուն դիմաց ինքզինք պաշտպանել:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ այս հարցին մօտէն պիտի հետեւին, եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց շէյխ Քասեմի նկատմամբ Պահրէյնի իշխանութիւններուն որդեգրած որոշումին առնչութեամբ, որ կրնայ խանգարել Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆայի խոստացած բարեկարգչական քայլերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պահրէյնի մէջ կրօնական ու ազգային ղեկավարներուն դէմ ապահովական միջոցառումներու մագլցումը` նշելով, որ անոնք կը չքացնեն երկխօսութեան ճամբով բարեկարգումներու հասնելու յոյսերը:

Նախարարութիւնը Պահրէյնի կառավարութիւնը յորդորեց վերջ տալու ապօրինի միջոցառումներուն եւ խուսափելու ժողովուրդին հետ հաղորդակցութեան կամուրջները այրելէ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց տագնապի լուծման ազգային լուրջ երկխօսութիւն գումարելու:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի հրամանատար զօր. Քասեմ Սլէյմանի յայտնեց, որ շէյխ Քասեմը վարկաբեկելը ժողովուրդին համար կարմիր գիծ մըն է եւ Պահրէյնն ու ամբողջ շրջանը կը հրկիզէ:

Հըզպալլան իր կարգին դատապարտեց Պահրէյնի որոշումը` զայն նկատելով շատ վտանգաւոր քայլ մը:

Հըզպալլա նշեց, որ Պահրէյնի իշխանութիւնները հասած են ժողովրդային խաղաղ շարժումին հետ վարուելու ճամբուն աւարտին, եւ Պահրէյնի ժողովուրդին կոչ ուղղեց «վճռականօրէն արտայայտելու իր զայրոյթը»:

Ծոցի շրջանէն դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնեցին, որ շէյխ Քասեմը Պահրէյնէն պիտի հեռացուի դէպի Իրան կամ Լիբանան:

 

 

Նախորդը

Հանրաքուէէն Երկու Օր Առաջ «Պրեքզիթի»-ին Աջակցողներուն Եւ Ընդդիմացողներուն Թիւը Հաւասար Է

Յաջորդը

Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ. Յորդանանի Սահմանապահ Ուժերու Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?