Քերրի. «Սուրիական Եւ Ռուսական Օդանաւերուն Պէտք Է Արգիլել Թռիչք Կատարել Ընդդիմութեան Տարածքներուն Վերեւ»
Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան Պատասխանատու Կը Նկատեն Հալէպի Մօտ Մարդասիրական Օժանդակութիւն Փոխադրող Կարաւանին Դէմ Յարձակումին Համար Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ Ռուսիան պատասխանատու կը նկատեն Հալէպի մօտ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կարաւանի մը դէմ կատարուած յարձակումին: Սպիտակ տունը դէպքը կոչեց «մարդկային մեծ ողբերգութիւն» մը: Սպիտակ տան բանբեր Պեն Ռոտզ ըսաւ. «Միայն երկու կողմեր կրնային պատասխանատու ըլլալ, կա՛մ սուրիական վարչակարգը, կա՛մ ալ` ռուսական կառավարութիւնը:...




















