Նախագահ Ընտրուելու Պարագային. Մարին Լը Փեն Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Վերաբերեալ Հանրաքուէ Կատարելու
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն Եւրոպական Միութեան վիճակին մասին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին արտասանած խօսքին քննարկման ընթացքին յայտարարած է, որ պատրաստ է Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու: «Ըստ ժողովրդավարութեան արժեչափերուն, հանրաքուէն լաւագոյն գործիքն է: Վերջին տարիներուն ես անընդհատ ըսած եմ, որ մտադիր եմ հանրաքուէ կատարել, որպէսզի ֆրանսացիները կարենան իրենց...




















