Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրի. «Սուրիական Եւ Ռուսական Օդանաւերուն Պէտք Է Արգիլել Թռիչք Կատարել Ընդդիմութեան Տարածքներուն Վերեւ»

September 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

syria_92116

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան Պատասխանատու Կը Նկատեն Հալէպի Մօտ Մարդասիրական  Օժանդակութիւն Փոխադրող Կարաւանին Դէմ Յարձակումին Համար

Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ Ռուսիան պատասխանատու կը նկատեն Հալէպի մօտ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կարաւանի մը դէմ կատարուած յարձակումին:

Սպիտակ տունը դէպքը կոչեց «մարդկային մեծ ողբերգութիւն» մը: Սպիտակ տան բանբեր Պեն Ռոտզ ըսաւ. «Միայն երկու կողմեր կրնային պատասխանատու ըլլալ, կա՛մ սուրիական վարչակարգը, կա՛մ ալ` ռուսական կառավարութիւնը: Յամենայն դէպս, մենք ռուսական կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատենք այդ տարածքին մէջ կատարուած օդային հարուածներուն»:

Ամերիկացի անանուն պաշտօնատարներ իրենց կարգին «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին, որ յարձակումը կատարուած է ռուսական «Սու-24» տիպի երկու ռմբաձիգներու կողմէ, որոնք Ուրում Քուպրայի մէջ կարաւանի դէմ կատարուած յարձակումին ճիշդ պահուն շրջանին վերեւ թռիչք կը կատարէին: Երէկ Հալէպի մէջ ռմբակոծուեցաւ դարմանատուն մը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոսկուան եւ Դամասկոսը ամբաստանեց ռմբակոծման համար եւ յայտարարեց. «Սուրիական եւ ռուսական օդանաւերուն պէտք է արգիլել թռիչք կատարել ընդդիմութեան տարածքներուն վերեւ»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով հերքեց ամբաստանութիւնը` նշելով. «Փոսեր չեն յառաջացած եւ ինքնաշարժներուն արտաքին վիճակին վրայ երկինքէն նետուած ռումբերու մասին վկայող վնասուածքներ չկան»:

Նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որ կը վկայէ կարաւանի անմիջական դրացնութեամբ զինեալներու ներկայութեան մասին: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս բեռնատարներուն քովէն կ՛անցնի մեքենայ մը, որուն հրասանդ մը կապուած է: Ռուս զինուորականներու տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ մեքենան կը պատկանի ծայրայեղական խմբաւորումներուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը իր պնդումները հաստատող «փաստեր չունի»` աւելցնելով. «Մենք այս կացութեան հետ որեւէ կապ չունինք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարեց. «Սուրիական օդուժը կարողութիւնը չունէր Հալէպի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններու կարաւանը ռմբակոծելու, որովհետեւ ռմբակոծումը տեղի ունեցաւ գիշերով, երբ սուրիական օդանաւերը թռիչքներ չեն կատարեր»:

ՄԱԿ նախապէս յայտնած էր, որ կարելիութիւնը չունի հաստատելու, եթէ տեղի ունեցածը իրապէս օդային յարձակում մըն էր:

Նշենք, որ յարձակումին զոհ գացած էին 20 քաղաքայիններ, իսկ 18 բեռնատարներ` քանդուած:

 

 

Նախորդը

«Քիւրտերը Սուրիոյ Մէջ Միջազգային Դաշինքի Ուժերուն Պիտի Միանան, Եթէ Իրենց Իրաւունքները Ճանչցուին» Կ՛ըսէ Մուսլիմ

Յաջորդը

Նշելէ Ետք, Թէ Պաղեստինցիները Պէտք Է Ճանչնան Իսրայէլը. «Իսրայէլ Պէտք Է Հասկնայ, Որ Չի Կրնար Բռնագրաւել Պաղեստինցիներուն Հողերը» Ըսած Է Օպամա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.