Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձէն ետք երկրի շարք մը հիմնարկներուն մէջ հսկիչներ նշանակուած են, ինչ որ տուեալ կառոյցներու աշխատակիցներուն կողմէ բողոքի պատճառ դարձած է:
Ըստ «Էվրենսել»-ի, հսկիչներ նշանակուած են նաեւ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Վանի քաղաքապետարանին մէջ:
Ի նշան բողոքի` քաղաքապետարանի աշխատակիցները երկօրեայ հացադուլ յայտարարած են:
Նշենք, որ հսկիչներ նշանակուած էին նաեւ Տերիքի նահանգապետարանին մէջ, որմէ ետք նահանգապետարանի պատէն վերցուած էր եռալեզու ցուցանակի հայերէն գրութիւնը, սակայն հետագային վերականգնուած էր: