Իրաքի Նինուէ նահանգէն աղբիւր մը «Սումարիյա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ խալիֆայութեան մայրաքաղաք նկատուող Մուսուլ քաղաքին մէջ արձանագրուած խռովարարութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատին մղած են իր թաքստոցէն դուրս գալու փողոց եւ հանդիպում ունենալու քաղաքայիններու հետ` Ռիսալա թաղամասին մէջ:
Աղբիւրը նշած է, որ երկար ամիսներէ ի վեր իր առաջին փողոց դուրս գալուն ընթացքին Պաղտատի սպիտակագոյն ինքնաշարժի մը մէջ նստած էր եւ անոր ինքնաշարժը շրջապատուած էր զինեալներով լեցուած երեք մեքենաներով:
Աղբիւրը ընդգծած է. «Իր թաքստոցէն Պաղտատիի փողոց դուրս գալը ցոյց կու տայ այսօր Մուսուլ քաղաքը հարուածած խռովարարութեանց լրջութեան տարողութիւնը»: ՏԱՀԵՇ-ի լրատուամիջոցները հասարակական կարծիքը հանդարտեցնելու փորձով մը Մուսուլի դէպքերը ներկայացուցած են իբրեւ պարզապէս զինուորագրման փորձ` ընդդէմ արտակարգ դրութեանց:
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ ներկայիս Մուսուլի քաղաքներուն մէջ ինքնաշարժներու երթեւեկը գրեթէ արգիլուած է եւ գլխաւոր կեդրոններուն շուրջ աննախադէպ թիւով զինեալներ տեղակայուած են: