Օտարներու Նկատմամբ Ատելութեան Աճին Պատճառով. Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Մտահոգ Է Հասարակական Անդորրին Նկատմամբ
Գերմանական կառավարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց արեւելեան Գերմանիոյ մէջ հասարակական անդորրին նկատմամբ` օտարներուն դէմ ատելութեան աճին պատճառով: Գերմանիոյ միութեան կացութեան վերաբերեալ տարեկան նոր զեկուցումը ցոյց տուաւ, որ օտարներուն եւ անոնց բնակարաններուն դէմ յարձակումներու մեծ թիւին կողքին արձանագրուած բախումները ինչպէ՛ս Հայտանոյի եւ Ֆրայթալի մէջ օտարներու դէմ արմատացած ատելութեան ցուցանիշներու վերածուած են: Զեկուցումը կը նշէ. «Գաղթականներ հիւրընկալելու դէմ կատարուած բողոքի ցոյցերը յստակ դարձուցած են...




















