18 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի մէջ բողոքի ցոյցեր կատարուած են. ցուցարարները իրենց ընդդիմութիւնը յայտնած են սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Այս մասին կը յայտնէ Քոնթաքթ.ազ կայքը: Ազրպէյճանական ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդ կուսակցութեան ղեկավար Ճամիլ Հասանլի յայտարարած է, որ 23 տարուան ղեկավարութեան ընթացքին իշխանութիւնները չեն լուծած որեւէ խնդիր, այլ զբաղած են միայն իրենց ընտանեկան իշխանութեան պահպանումով:
«Ալիեւ կը մտածէ, որ այդ փոփոխութիւնները հանգստութիւն եւ ցմահ իշխանութիւն կ՛ապահովեն իրեն: Սակայն երկրին ապագան կ՛որոշուի ոչ թէ այնտեղ, այլ հրապարակներուն վրայ, ուր դժգոհ ժողովուրդը կ՛ըսէ իր խօսքը` հակառակ հետապնդումներուն եւ ճնշումներուն», ըսած է Հասանլի:
Համաձայն սահմանադրութեան առաջարկուող փոփոխութիւններուն, կ՛առաջարկուի եօթը տարիով երկարաձգել նախագահին պաշտօնավարման ժամկէտը, ինչպէս նաեւ որդեգրել առաջին փոխնախագահի եւ փոխնախագահներու պաշտօնները: