Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Պոլսոյ մէջ գործողութեան մը նախաձեռնած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամներ ձերբակալելու նպատակով: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Միեւնոյն ատեն 23 տարբեր հասցէներու վրայ կատարուած գործողութեան ժամանակ ձերբակալուած է 40 կասկածելի: Ձերբակալուածները Ազրպէյճանի, Իրանի, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ են: Անոնցմէ ոմանք քանի մը անգամ գտնուած են Սուրիոյ այն շրջաններուն մէջ, ուր ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեաները մարտեր կը մղեն: