ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով բրիտանական «Տը ՏԷյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ յայտարարած է, որ իր երկիրը վստահ է, որ պիտի հասնի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու համար այնպիսի պայմաններու, որոնք Բրիտանիոյ համար արդար պիտի ըլլան:
«27 երկիրներու դաշինքը գործարք պիտի կնքէ մեզի հետ: Մենք անոնց հետ կը վարենք բանակցութիւններ, եւ յաւակնոտ պիտի ըլլանք այն բանին մէջ, ինչին մենք կը ցանկանք հասնիլ Բրիտանիոյ համար», ըսած է Մէյ:
Բրիտանիոյ վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ գործարքը «արդար պիտի ըլլայ Բրիտանիոյ համար»:
«Սակայն ես նաեւ կը կարծեմ, որ Բրիտանիոյ համար աւելի լաւ համաձայնագիրը կրնայ լաւ համաձայնագիր ըլլալ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ միւս երկիրներուն համար, որովհետեւ կը հաւատամ լաւ առեւտրական յարաբերութիւններուն, եւ կը փափաքիմ, որ Բրիտանիա ըլլայ ազատ առեւտուրի համաշխարհային առաջնորդը», ընդգծած է Մէյ: