Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Հրթիռներ Հալէպ Նահանգին Մէջ Կը Սպաննեն 30 Օտարազգի Սպաներ

Սեպտեմբեր 21, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

syria_92016

Մոսկուա Եւ Դամասկոս Կը Հերքեն Ռմբակոծած Ըլլալ Հալէպի Մարդասիրական Օժանդակութեան Մատակարարման Կարաւանը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով արտայայտեց Հալէպի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման կարաւանին ռմբակոծումի ենթարկուելուն նկատմամբ իր զայրոյթը` նշելով, որ այս հարցը ուղղակիօրէն պիտի քննարկէ Ռուսիոյ հետ եւ «հաշուի առնելով զինադադարի խախտման ակնյայտ դէպքերը, մենք վերատեսութեան պիտի ենթարկենք Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան հեռանկարները»:

ՄԱԿ-ի մարդասիրական օգնութեամբ բեռնաւորուած փոխադրակառքերու կարաւանը, որ կ՛ուղղուէր Հալէպ եւ Հոմս գաւառներ ենթարկուած էր ռմբակոծումի, ինչ որ պատճառած էր 12 զոհ:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու հաղորդած այն տեղեկութիւնը, թէ Սուրիոյ բանակը ռմբակոծած է կարաւանը, ճիշդ չէ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը իր կարգին նշեց, որ ո՛չ սուրիական վարչակարգի, ո՛չ ալ Ռուսիոյ օդուժները կապ ունէին կարաւանի ռմբակոծման մէջ: Ան նշեց, որ ռուսական անօդաչու թռչող սարքեր հետեւած են զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ կարաւանի երթին, որմէ ետք դադրեցուցած հսկողութիւնը` նշելով, որ կարաւանի գտնուած վայրին վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը գտնուէին միայն այդ շրջանին վերահսկող զինեալներուն մօտ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները Հալէպի ուղղութեամբ յարձակումի ընթացքին ժամանակաւոր վերահսկողութեան տակ առած են Քասթելօ ճամբան:

Կեդրոնին տուեալներով` երեքշաբթի Հալէպի հիւսիսային Մուհայիմ-Հանտրաթ թաղամասէն 5 ժամ տեւած հրետանային ռմբակոծումէն ետք զինեալները անցած են յարձակումի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին ուղղութեամբ:

«Կատաղի մարտերու իբրեւ արդիւնք զինեալները յաջողած են դուրս մղել կառավարական զօրքերը Շքէյճի ծայրամասային թաղամասերէն` ժամանակաւոր վերահսկողութեան տակ առնելով Քասթելօ ճամբուն շուրջ մէկ քիլոմեթրը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Մինչ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ անջատաբար յայտարարեցին, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարը «չէ մեռած», Քրեմլին յայտնեց, որ կացութեան լարուածութեան լոյսին տակ Սուրիոյ մէջ զինադադարը վերականգնելու «յոյսը քիչ է»` աւելցնելով, որ «զինադադարի վերականգնման համար ահաբեկիչները պէտք է դադրեցնեն կրակոցը եւ ամերիկացիները դադրին Սուրիոյ բանակը սխալմամբ ռմբակոծելէ»: Քրեմլին Ուաշինկթընը ամբաստանեց իր յանձնառութիւնները, մասնաւորաբար ընդդիմութիւնը Ժապհաթ Նուսրայէն անջատելու յանձնառութիւնը չյարգելու մէջ:

Մինչ այդ, Հալէպ նահանգին մէջ զինուորական աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ռուսական նաւերուն արձակած «Քալիփըր» տիպի հրթիռներ հարուածեցին Հալէպի մէջ գործողութիւններու ղեկավարման սենեակ մը», որուն մէջ կը գտնուէին «թրքական, ամերիկեան, սէուտական, քաթարական, բրիտանական բանակներէն եւ Մոսատէն 30 սպաներ»` նշելով. «Անոնք Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները կը ղեկավարէին»:

Աղբիւրը յայտնեց, որ նշեալ սենեակը կը գտնուի Հալէպի արեւմուտքը` իր դժուար անցանելի լեռնային բնութեամբ հռչակաւոր Ժապալ Սամհան շրջանին մէջ:

Նախորդը

Ապու Պաքր Պաղտատի Մուսուլի Մէջ Խռովարարութիւններէն Ետք Փողոց Դուրս Եկաւ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Դժգոհ Է Թեհրանի Խաղերուն Արցախի Մասնակցութենէն

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?