ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էմանուէլ Նահշոն յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները աւելի բարեկամական են, քան` դիւանագիտական ու քաղաքական:
Ըստ անոր, լաւ կարողականութիւն կայ տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման համար:
Նահշոն աւելցուցած է նաեւ, որ իր երկիրը շատ կ՛ուզէ Իսրայէլի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան բացուիլը: «Ատիկա դրականօրէն պիտի ազդէ մեր ամուր եւ լաւ յարաբերութիւններուն վրայ», ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: