«Թերթ» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Խրիմի պատկանելիութեան հարցին մէջ Քիեւի նկատմամբ աջակցութիւնը անփոփոխ է:
«Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիան հետագային ալ Ուքրանիոյ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման հարցին մէջ, թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ բազմակողմանի չափանիշներով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ երկխօսութեան վերականգնումը պիտի չփոխէ Ուքրանիոյ հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը: