Ալիեւ Եւ Էրտողան` «Մամուլի Թշնամիներ»-ու Ցանկին Վրայ
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր «Մամուլի թշնամիներ»-ու ցանկը, որուն վրայ, ի շարս այլոց, կան մամլոյ ազատութեան դէմ վերջերս լայնածաւալ արշաւ մղող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անունները: Կազմակերպութեան Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Միհր նշած է, որ Էրտողան այս ցանկին մէջ ներառուած է, որովհետեւ ան պատասխանատու է Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ լրատուամիջոցներու...




















