Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Նոր Զէնքեր Ձեռք Բերելու Նպատակով «Թէժ Բանակցութիւններ» Կը Վարէ

Նոյեմբեր 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

azr-weapons_110816

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ինչպէս կը գրէ ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»-ն, թէժ բանակցութիւններ կը վարէ Փաքիստանի հետ, 500 քիլոմեթր հասողութեամբ հրթիռային համակարգեր ձեռք բերելու նպատակով:

Ազրպէյճանի հրթիռային եւ հրետանային զօրքերու հրամանատար Զահիտ Հիւսէյնով յայտարարած է, թէ երկրին պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ է ձեռք բերել նման հրթիռներ` ընդգծելով, որ երկիրը ներկայիս ունի «հակառակորդի յարձակումները կասեցնելու անհրաժեշտ համակարգեր»:

Նոր հրթիռներ ձեռք բերելը Պաքուի համար աւելի հրատապ դարձած է` Հայաստանի Անկախութեան տօնին նուիրուած զօրահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած ռուսական արդիական «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգին պատճառով:

Նշենք, որ անցեալ տարուան մարտին Պաքու այցելած Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ յայտարարած էր, թէ Պաքուի եւ Իսլամապատի տեսակէտները կը համընկնին Քաշմիրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն մէջ` աւելցնելով. «Մենք կողմ ենք Ազրպէյճանի գրաւեալ բոլոր տարածքներուն, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը, ազատագրման»:

Պաքու զինուորական նոր սպառազինութիւն ձեռք բերելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ: Ըստ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»-ին` Պաքու մտադիր է Իսրայէլէն ձեռք բերել հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ:

Փորձագէտներու կարծիքով` «Իսքանտեր» արդիական համակարգը այսօր տակաւին անհասանելի է յայտնի բոլոր հակահրթիռային համակարգերուն համար:

 

Նախորդը

Անգարա. «Եւրոպական Միութիւնը Թուրք Ժողովուրդի Աչքին Մէջ Կորսնցուցած Է Իր Հեղինակութիւնն Ու Վստահութիւնը»

Յաջորդը

Էրտողան Սպառնացած Է Քեմալականներուն

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?