Միջազգային

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային  Ծառայութիւնը Ահաբեկիչներու  Հերթական Խումբ Մը Ձերբակալած Է

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութիւնը Ահաբեկիչներու Հերթական Խումբ Մը Ձերբակալած Է

Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան հանրային կապերու կեդրոնէն երեքշաբթի օր ԹԱՍՍ-ին յայտնած են, որ ծառայութիւնը ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ին առնչուած յանցաւոր խումբի 5 անդամներ, որոնք ահաբեկչութիւններ կը պատրաստէին Ինկուշեթիոյ եւ Մոսկուայի մէջ: «Հետախուզական միջոցառումներու իրականացման ընթացքին կանխարգիլուած է ահաբեկչական եւ ծայրայեղական բնոյթի յանցագործութիւններու իրականացման համար ստեղծուած խումբին գործունէութիւնը», յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը: Գրաւուած է օգտագործման պատրաստ երկու ինքնաշէն պայթուցիկ սարք:...

Եըլտըրըմ. «Սուրիական Ընդդիմութիւնը  Կը Մօտենայ Հալէպի Գիւղական Շրջանի  Պապ Աւանին, Եւ Շրջանը ՏԱՀԵՇ-էն Պիտի Մաքրուի»

Եըլտըրըմ. «Սուրիական Ընդդիմութիւնը Կը Մօտենայ Հալէպի Գիւղական Շրջանի Պապ Աւանին, Եւ Շրջանը ՏԱՀԵՇ-էն Պիտի Մաքրուի»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը կը մօտենայ հիւսիսային Հալէպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Պապ աւանին, եւ շրջանը շուտով ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի լուծէն պիտի ազատագրուի: Եըլտըրըմ նշեց. «Անդադար պիտի շարունակենք պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ, եւ տակաւին Սուրիայէն եւ Իրաքէն եկող սպառնալիքները կը շարունակուին` այդտեղ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն պատճառով»: Ան նաեւ յայտնեց, որ «Թուրքիա ուրիշ երկիրներէ որեւէ թելադրանք պիտի չստանայ, այլ...

Թրքական Օդուժը Գործողութեան  Սկսած Է Պապի Մէջ

Թրքական Օդուժը Գործողութեան Սկսած Է Պապի Մէջ

Թրքական «Հապեր Թիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական օդուժը գործողութեան սկսած է սուրիական Պապ քաղաքին մէջ: Կայքը կը հաղորդէ, որ Մարէ եւ Ռայի շրջաններուն մէջ շարունակուող բախումներուն ընթացքին Սուրիական ազատ բանակէն վիրաւորուած են 52 զինեալներ եւ ՏԱՀԵՇ-էն 9 զինեալներ սպաննուած են: Պապի հիւսիսը գտնուող թրքական զօրքէն վիրաւորուած է չորս զինուոր:

Թրամփ – Փութին Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Թրամփ – Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Քրեմլին երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: Ըստ Քրեմլինի, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութին Թրամփին յաջողութիւն մաղթած է ընտրական խոստումներու գործադրութեան համար: Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ ինք պատրաստ է ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ «հաւասարութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած» երկխօսութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու...

Մոսկուա. «Մտադիր Ենք Ամերիկայի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Համար Արագ Աշխատանք Տանիլ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մենք շատ քիչ բան գիտենք Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրներուն մասին»: «Մտադիր ենք Ամերիկայի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման համար արագ աշխատանք տանիլ», աւելցուց նախարարութիւնը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց. «Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան վերաբերեալ մեր կեցուածքը չէ փոխուած»: Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ «ապագային Սուրիոյ շուրջ ռուսական-սուրիական-իրանեան բանակցութիւններուն Թուրքիոյ մասնակցութիւնը օգտակար է: Մէկ օր...

Ամբողջութեամբ Աւերակ Դարձած Շըռնաքի Մէջ  82 Օր Ետք Ջնջուած Է Կրակմարի Դրութիւնը

Ամբողջութեամբ Աւերակ Դարձած Շըռնաքի Մէջ 82 Օր Ետք Ջնջուած Է Կրակմարի Դրութիւնը

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Շըռնաք քաղաքին մէջ 82 օրէ ի վեր գոյութիւն ունեցող կրակմարի դրութիւնը վերջապէս ջնջուած է: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ յատուկ գործողութիւններու ծիրին մէջ յայտարարուած արգելքը այս ընթացքին գործած է ամէն օր` առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 22:00: 82 օր շարունակ Շըռնաքի մէջ թուրք-քիւրտ բախումներու պատճառով աւերուած են հարիւրաւոր տուներ, բազմաթիւ...

«Աթաթուրքի Զօրքը Կազմակերպած Է  1922-ի Իզմիրի Հրդեհը»  Կ՛ըսէ Յունաստանի  Պաշտպանութեան Նախարարը

«Աթաթուրքի Զօրքը Կազմակերպած Է 1922-ի Իզմիրի Հրդեհը» Կ՛ըսէ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս (Փանոս) Քամմենոս յայտարարած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող յունական Իզմիր (Զմիւռնիա) քաղաքը 1922-ին այրած են Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի զինուորները: Յոյն նախարարը` խօսելով Իզմիրի յունական անցեալին մասին, նշած է, որ թուրքերը կոտորած են Իզմիրի քրիստոնեայ բնակչութիւնը: Զմիւռնիոյ հրդեհը, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է Զմիւռնիոյ աղէտ անունով, տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր...

Էրտողան. «Եւրոպային Կ՛ըսեմ.  «Թուրք Ժողովուրդին Որոշումը Ձեր Ձեռքը Չէ»

Էրտողան. «Եւրոպային Կ՛ըսեմ. «Թուրք Ժողովուրդին Որոշումը Ձեր Ձեռքը Չէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ այժմ խորհրդարանին մէջ կը մշակուի մահապատիժի վերաբերեալ օրինագիծը եւ եթէ անիկա վաւերացուի, ինք պիտի հաստատէ զայն: «Եւրոպային կ՛ըսեմ, որ թուրք ժողովուրդին որոշումը ձեր ձեռքը չէ, այլ միայն ժողովուրդին ձեռքը, իսկ մահապատիժի մասին օրէնքը բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը գործադրուի», նշեց ան: Ան շեշտեց, որ «թուրք ժողովուրդը ի՛նք կ՛որոշէ մահապատիժը կիրարկել կամ ոչ, եւ Եւրոպան...

Թրամփ Հաստատած Է Փրիպուսի Նշանակումը  Իր Վարչակազմի Ղեկավարի Պաշտօնին

Թրամփ Հաստատած Է Փրիպուսի Նշանակումը Իր Վարչակազմի Ղեկավարի Պաշտօնին

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ յայտնած է, որ Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավար պիտի նշանակէ Ռինս Փրիպուսը: Թրամփի աւագ խորհրդական եւ վարչակազմի` զինուորական հարցերով գլխաւոր մասնագէտ պիտի դառնայ ընտրական գրասենեակի ղեկավարներէն մէկը` Սթիվըն Պենոն, որ նախապէս կ՛աշխատէր «Պայթպարթ Նիուզ» ծայրայեղ աջակողմեան լրատուամիջոցին մէջ: «Ես շատ ուրախ եմ, որ իմ շատ յաջողակ խումբս այսօր ալ...

Թուրքիոյ Մէջ Քրտամէտ Կուսակցութեան  Ձերբակալուած Համանախագահին Հետ  Տեսակցած Փաստաբանը Եւս Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ Մէջ Քրտամէտ Կուսակցութեան Ձերբակալուած Համանախագահին Հետ Տեսակցած Փաստաբանը Եւս Ձերբակալուած Է

Թրքական «Էվրենսել» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ 4 նոյեմբերին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտի իր տան մէջ ձերբակալուած համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշի հետ տեսակցած փաստաբան Լեւենթ Փիշքին իր կարգին ձերբակալուած է: Տեմիրթաշի ձերբակալութեան օրէն ի վեր արգիլուած է օգտուիլ փաստաբանական ծառայութիւններէն: Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահին հետ հանդիպած Լեւենթ Փիշքին ձերբակալուած է երէկ` Պոլսոյ Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ գտնուող իր տան մէջ: Պուրսա...

Ռուսիա Եւ Իրան Կը Քննարկեն 10 Միլիառ Տոլարի  Զէնքի Ու Սպառազինութեան Մատակարարումները

Ռուսիա Եւ Իրան Կը Քննարկեն 10 Միլիառ Տոլարի Զէնքի Ու Սպառազինութեան Մատակարարումները

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրան շահագրգռուած է ռուսական սպառազինութիւններու, որոնց շարքին «Էս-90» հրասայլերու, հրետանային համակարգերու, օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու մատակարարումներով: Պատուէրներու ընդհանուր թղթածրարը կը կազմէ շուրջ 10 միլիառ տոլար: Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի ղեկավար Վիքթոր Օզերով յայտնած է. «Այդ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, հիմքը ստեղծուած է, թղթածրարը կը կազմէ շուրջ 10 միլիառ տոլար», յայտնած է ծերակուտականը, որ...

Ռատեւ` Պուլկարիոյ Նախագահ

Ռատեւ` Պուլկարիոյ Նախագահ

Ընդդիմադիր երեսփոխան Ռումեն Ռատեւ յաղթանակ արձանագրած է Պուլկարիոյ նախագահական ընտրութեան ընթացքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը վկայեն քուէարկութեան արդիւնքները, որոնք 14 նոյեմբերի առաւօտեան հրապարակուած են Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի պաշտօնական էջին վրայ քուէներու աւելի քան 99 առ հարիւրի տուեալներուն ամփոփումէն ետք: Ըստ այդ տուեալներուն, Ռատեւի ի նպաստ քուէարկած է ընտրողներուն 59,35 առ հարիւրը, իսկ անոր գլխաւոր մրցակիցին` Ցեցեքա Ցաչեւի...

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ֆրանսացի  Լրագրող Մը Արտաքսուած Է Երկրէն

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ֆրանսացի Լրագրող Մը Արտաքսուած Է Երկրէն

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի լրագրող Օլիվիէ Պերթրան, որ 11 նոյեմբերին ձերբակալուած էր Այնթէպի մէջ, արտաքսուած է երկրէն: Ֆրանսական «Լէ Ժուր» գործակալութեան աշխատակիցը ձերբակալուած էր առանց հաւատարմագրման տեսանկարահանում կատարելու եւ հաղորդում պատրաստելու համար` կիւլենականներուն աջակցելու հիմնաւորումով: Գրաւուած է անոր հեռաձայնն ու համակարգիչը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ Թուրքիայէն պահանջած էր ազատ արձակել ֆրանսացի լրագրողը:...

Մոլտովայի Նախագահ Ընտրուած Է  Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարը

Մոլտովայի Նախագահ Ընտրուած Է Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ հետ Մոլտովայի մերձենալուն ի նպաստ արտայայտուող Մոլտովայի Հանրապետութեան ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար Իկոր Տոտոն երկրին նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախնական տուեալներով` ան ստացած է քուէներուն 52,6 առ հարիւրը (834.700 ձայն): Անոր մրցակիցը` եւրոպամէտ ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն` Գործողութեան եւ համերաշխութեան կուսակցութեան ղեկավար Մայա Սանտուն ապահոված է քուէներուն 47,3 առ հարիւրը...

Թրամփի Նախագահ Ընտրութեան Դէմ  Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Թրամփի Նախագահ Ընտրութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգի Ինտիանափոլիս  քաղաքին մէջ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեան դէմ կատարուած բողոքի ցոյցերու ընթացքին վիրաւորուեցան երկու ոստիկաններ: Ինտիանափոլիսի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ երեք անձեր ձերբակալուած են եւ երկու ոստիկաններ վիրաւորուած, երբ ցուցարարները քարկոծած են ոստիկանութիւնը, մինչ վերջինս կը փորձէր քաղաքի կեդրոնին մէջ կարգ ու կանոնը պահպանել: Թրամփի դէմ բողոքները փակած են նաեւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը:...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ  Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել

«Թերթ. ամ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց գերմանական լրատուամիջոցներուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ` ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու եւ լրագրողներու զանգուածային ձերբակալութիւններուն պատճառով: «Մենք Եւրոպական Միութեան մէջ պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչ տնտեսական պատժամիջոցներ կրնանք որդեգրել Թուրքիոյ դէմ: Այս տարուան վերջաւորութեան պէտք է տեղի ունենայ մաքսային միութեան բարեփոխումը:...

Բացայայտուած Է Մոսկուայի  Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ահաբեկչութիւն  Նախապատրաստած Խմբաւորում Մը

Բացայայտուած Է Մոսկուայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ահաբեկչութիւն Նախապատրաստած Խմբաւորում Մը

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը բացայայտած է ահաբեկչական խմբաւորումի մը գործունէութիւնը: Վերջինս կը պատրաստուէր ահաբեկչութիւններ կատարել Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Գործողութիւնը կատարուած է Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Տաճիկիստանի եւ Խըրխըզիստանի գործընկերներուն օգնութեամբ: «12 նոյեմբերին Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կատարուած հետախուզական աշխատանքներու շնորհիւ ձերբակալուած է 10 ահաբեկիչ», ըսուած է Անվտանգութեան...

Ուժգին Երկրաշարժէ Մը Ետք  Ծովաշարժ Մը Կը Հարուածէ Նոր Զելանտան

Ուժգին Երկրաշարժէ Մը Ետք Ծովաշարժ Մը Կը Հարուածէ Նոր Զելանտան

7,8 աստիճան երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ Նոր Զելանտայի Սաութ Այլընտ շրջանին մօտ: Տեղական ժամանակացոյցով կէս գիշերէն ետք տեղի ունեցած երկրաշարժին կեդրոնը Քրայսթչըրչէն շուրջ 95 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ էր: Երկու ժամ ետք ծովաշարժ մը հարուածեց կղզիին հիւսիսարեւելեան ծովեզերեայ շրջանը: Բնակիչները նախօրօք զգուշացուած էին շրջանէն դէպի աւելի բարձր վայրեր հեռանալու: Քրայսթչըրչէն 181 քիլոմեթր հեռու գտնուող Քայքուրայի մէջ ալիքին բարձրութիւնը հասաւ 2,5 մեթրի:...

Ռուսիա Չի Բացառեր Վրաստանի Հետ  Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան  Հաստատման Կարելիութիւնը

Ռուսիա Չի Բացառեր Վրաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Կարելիութիւնը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա չի բացառեր Վրաստանի հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան հաստատման կարելիութիւնը, սակայն այս հարցին մէջ անհրաժեշտ է հաշուի առնել Եւրոպական Միութեան հետ Թիֆլիսի բանակցութիւնները: Դիւանագէտը յիշեցուցած է, որ Ռուսիա գրեթէ մէկ տարի առաջ արմատականօրէն դիւրացուցած է Վրաստանի քաղաքացիներուն կողմէ ռուսական...

Դատարանը Բրիտանիոյ  Վարչապետին Չէ Արտօնած  «Պրեքզիթ»-ը Գործարկել  Առանց Խորհրդարանի Հաւանութեան

Դատարանը Բրիտանիոյ Վարչապետին Չէ Արտօնած «Պրեքզիթ»-ը Գործարկել Առանց Խորհրդարանի Հաւանութեան

«Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ գերագոյն դատարանը որոշած է, որ կառավարութիւնը չի կրնար սկսիլ երկրի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հոլովոյթը առանց խորհրդարանի համաձայնութեան: Հայցը յարուցած են երկու հասարակ քաղաքացիներ` Ճինա Միլլըր եւ Տէյր Տոս Սանթոս: Դատարանը իրաւունք տուած է անոնց` վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան համաձայնագիրին բնագիրը, որուն մէջ ըսուած է, թէ պետութիւնները կրնան դուրս գալ միութեան կազմէն` «իրենց սահմանադրութիւններու պահանջներուն...

Page 741 of 882 1 … 740 741 742 … 882

Արխիւներ