Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Արտուին նահանգի համշէնական Խոպա քաղաքին մէջ կատարուած է բողոքի ցոյց մը` Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան դէմ բանեցուող ճնշումներուն եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամներուն ձերբակալութեան դէմ:
Այս տեղեկութիւնը հաղորդած թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ նաեւ, թէ ոստիկանութիւնը փորձած է խոչընդոտել ցոյցը, սակայն ցուցարարներուն ջանքերով բողոքի ցոյցը կատարուած է: Նշենք, որ Խոպայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն համշէնահայեր: