
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի կառավարութեան մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, պաշտօն պիտի ստանձնէ նաեւ Նիւթ Կինկրիչ, որ յայտնի է իբրեւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի համակիր:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքին համաձայն, Կինկրիչ Միացեալ Նահանգներու նոր արտաքին գործոց նախարարի հաւանական թեկնածուներէն մէկն է: Իսկ անոր մրցակիցը կրնայ դառնալ ծերակուտական Պապ Քորքըր:
Կինկրիչ նախապէս եղած է նաեւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ: Մուսթաֆա Քեմալի Աթաթուրքի ծննդեան 125-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին խօսք մը արտասանելով ան յայտարարած էր, որ ինք Աթաթուրքի մեծ երկրպագու է եւ զայն կ՛ընկալէ իբրեւ քաղաքական գործիչի լաւ օրինակ:


