«Սուրիան Պատրաստ Է Համագործակցելու Թրամփի Հետ» Կ՛ըսէ Շաապան
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Պուսէյնա Շաապան յայտարարած է, որ Դամասկոս պատրաստ է համագործակցելու Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: «Դամասկոս յոյս ունի, որ Թրամփի նախագահութեան ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներ աշխուժօրէն պիտի պայքարին ահաբեկչութեան դէմ: Եթէ անոր քաղաքականութիւնը համընկնի մեր ակնկալիքներուն հետ, Դամասկոս բաց պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու եւ պետութեան գերիշխանութիւնը յարգող, երկրին շահերը հաշուի առնող...




















