Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Նախարարական Յանձնախումբ Մը Կը Քննարկէ Երուսաղէմի Մէջ Էզանը Արգիլելու Օրինագիծ Մը

November 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

jerusalem_111316

Իսրայէլի օրէնսդրութեան հարցերով նախարարական յանձնախումբը քննարկեց «Էզանի օրինագիծ»-ը, որ մզկիթներու եւ պաշտամունքի վայրերու մէջ բարձրախօսներով էզան կատարելը կ՛արգիլէ` շրջանի բնակչութեան անոր պատճառած նեղութեան պատրուակով:

Օրինագիծին մէջ կը նշուի. «Հարիւր հազարաւոր իսրայէլացիներ առօրեայ ու կանոնաւոր կերպով կը տառապին մզկիթներէն եկող էզանի ձայնի աղմուկէն, եւ առաջարկուած օրինագիծը հիմնուած է այն գաղափարին վրայ, որ պաշտամունքի եւ հաւատքի ազատութիւնը չի կրնար արդարացնել կեանքի որակին ու կերպին վնաս հասցնելը»:

Օրինագիծը ներկայացուցած Հրէական տուն կուսակցութենէն երեսփոխան Մոթի Եոկաֆ կը յայտնէ, որ օրինագիծը կը վայելէ Լիքուտ եւ Հրէական տուն կուսակցութիւններէն մեծաթիւ նախարարներու աջակցութիւնը:

Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Ղէյս զգուշացուց բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ մզկիթներէ, նախ եւ առաջ Աքսայի մզկիթէն էզանը արգիլող օրէնքի որդեգրումը` նշելով. «Ան որ էզանի ձայնէն կը նեղանայ, պէտք է հեռանայ»:

Նախորդը

Ռուսիոյ Մարտանաւերն Ու Ռմբաձիգները Պատրաստ Են Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչները Հարուածելու

Յաջորդը

Ալիեւ Եւ Էրտողան` «Մամուլի Թշնամիներ»-ու Ցանկին Վրայ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.