Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա. «Եւրոպական Միութիւնը Թուրք Ժողովուրդի Աչքին Մէջ Կորսնցուցած Է Իր Հեղինակութիւնն Ու Վստահութիւնը»

November 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

turkey-eu_110916

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է երկրին մէջ լրագրողներուն եւ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններուն դէմ ձեռնարկուած ոստիկանական գործողութիւններէն ետք Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ հասցէին հնչեցուած կոչերուն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է հասկնայ, որ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական յարձակումները դատապարտելով պիտի չազատուի իր պատասխանատուութեան բաժինէն: ՔԱԿ-ին (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան) զէնքը վար դնելու բացայայտ կոչ ուղղելէ խուսափող եւ նոյնիսկ Եւրոպական Խորհրդարանի  միջանցքներուն մէջ ՔԱԿ-ի անդամներու կողմէ բացուած ցուցահանդէսները արտօնող Եւրոպական Միութիւնը հակաահաբեկչական պայքարին մէջ թուրք ժողովուրդի աչքին կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնն ու վստահութիւնը: Այդ իսկ պատճառով այդպիսի յայտարարութիւնները մեզի համար կարեւորութիւն չեն ներկայացներ»:

Մէկ օր առաջ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Եւրոպական Միութեան անունով յայտարարած էր, որ կառոյցը լրջօրէն մտահոգուած է վերջերս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, ներառեալ մահապատիժի արգելքի ջնջման մասին բանավէճը եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու ձերբակալութիւնները, եւ կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու երկրին մէջ ժողովրդավարական արժեչափերն ու մարդու իրաւունքները:

 

Նախորդը

Ռուսիան Եւ Միացեալ Նահանգները Դէմ Են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Վեթոյի Իրաւունքը Սահմանափակելուն

Յաջորդը

Պաքու Նոր Զէնքեր Ձեռք Բերելու Նպատակով «Թէժ Բանակցութիւններ» Կը Վարէ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.