Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Եւ Էրտողան` «Մամուլի Թշնամիներ»-ու Ցանկին Վրայ

Նոյեմբեր 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

aliyev-erdogan_110316

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր «Մամուլի թշնամիներ»-ու ցանկը, որուն վրայ, ի շարս այլոց, կան մամլոյ ազատութեան դէմ վերջերս լայնածաւալ արշաւ մղող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անունները:

Կազմակերպութեան Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Միհր նշած է, որ Էրտողան այս ցանկին մէջ ներառուած է, որովհետեւ ան պատասխանատու է Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ լրատուամիջոցներու գործունէութեան դադրեցման եւ լրագրողներու ձերբակալութիւններուն:

Միհր ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դէմ հալածանքը սկսած է զինուորական յեղաշրջումի փորձէն շատ առաջ` նշելով, որ յատկապէս Էրտողանի համար ցանկալի արդիւնք չտուած ընտրութիւնները այս հարցին մէջ շրջադարձային դեր խաղացած են, իսկ 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձէն ետք բռնութիւններն ու ճնշումները` հետզհետէ աւելի սաստկացած: Միհր ցաւ յայտնած է, որ համատարած ձերբակալութիւններուն եւ ճնշումներուն պատճառով, Թուրքիոյ մէջ լրագրողները արդէն իսկ իրենք զիրենք գրաքննութեան կ՛ենթարկեն:

Նշենք, որ այդ ցանկին վրայ այս տարի տեղ գտած են նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը, ինչպէս նաեւ` Հիւսիսային Քորէայի, Չինաստանի եւ Վենեզուելայի ղեկավարները:

Ցանկը հրապարակուած է 2 նոյեմբերին, որ լրագրողներու նկատմամբ կիրարկուող բռնութիւններուն դէմ պայքարի օրն է:

Նախորդը

Իսրայէլեան Նախարարական Յանձնախումբ Մը Կը Քննարկէ Երուսաղէմի Մէջ Էզանը Արգիլելու Օրինագիծ Մը

Յաջորդը

Դատարանը Բրիտանիոյ Վարչապետին Չէ Արտօնած «Պրեքզիթ»-ը Գործարկել Առանց Խորհրդարանի Հաւանութեան

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?