Ռուսական զինուորական-դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւր մը ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ռուսական «Ամիրալ Քուզնեցով» օդանաւակիրին վրայ գտնուող օդանաւերը սկսած են թռիչքներ գործել Սուրիոյ վերեւ` առ ի պատրաստութիւն ահաբեկիչներն ու անոնց դիրքերը հարուածելու:
Աղբիւրը նշեց, որ այդ օդանաւերը վերջերս իրենց թռիչքները աւելի յաճախակի դարձուցած են` աւելցնելով, որ օդանաւակիրին ընկերակցող մարտանաւերը աշխուժ պատրաստութիւն կը տեսնեն հարուածելու ահաբեկիչները եւ արդէն պատրաստ են որեւէ պահու զինուորական գործողութեան սկսելու:
Տորմիղին ընկերակցող տեղեկահաւաքի մարտանաւերը կը շարունակեն ահաբեկիչներու դիրքերուն վերաբերեալ իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները փոխանցել օդանաւերուն, ինչպէս նաեւ թեւաւոր «Քալիպըր» հրթիռներով զինուած «Ամիրալ Կրեկորովիչ» յածանաւին: