Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրիոյ 6 Կուսակցութիւններ Թուրքիոյ Դէմ Միացեալ Յայտարարութիւն Ստորագրած Են

Նոյեմբեր 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

austria_111116

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ խմբակցութիւններ ունեցող 6 կուսակցութիւններ Թուրքիոյ դէմ յայտարարութիւն ստորագրած են` կոչ ուղղելով առկախելու Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւնները:

Ըստ թրքական «Ապհապեր» լրատուամիջոցին, Աւստրիոյ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Անտրէաս Շիտեր, Ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Հանս-Քրիսթիան Սթրաչէ, «Կանաչներու» կուսակցութեան երեսփոխան Այկիւլ Պերիվան Ասլան, «Նոր Աւստրիա» կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Մաթիաս Շթրոլց եւ «Թիմ Սթրոնախ» կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Ռոպարթ Լուկար խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուցած են հռչակագիրին բովանդակութիւնը:

Աւստրիացի գործիչները նշած են, որ հռչակագիրին մէջ կոչ ուղղուած է առկախելու Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ազատ արձակելու ձերբակալուած ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններն ու լրագրողները:

Հռչակագիրին մէջ մասնաւորաբար նշուած է, որ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձէն ետք, երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցող հետապնդումներն ու ձերբակալութիւնները անհանգստացնող են:

Նախապէս Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց յայտարարած էր, որ կը բացառէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը: Իսկ 20 օգոստոս 2016-ին, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմնակիցներու Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կատարած ցոյցին պատճառով Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը տուն կանչուած է Անգարա, եւ արդէն երեք ամիսէ ի վեր Թուրքիան Աւստրիոյ մէջ դեսպան չունի:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Յաջորդը

Համշէնցիները Բողոքի Ցոյցով Կը Զօրակցին Քրտամէտ Կուսակցութեան Ձերբակալուած Երեսփոխաններուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?