Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթէնքի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում

November 11, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

athens_111016

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Տիմիթրիս Տզանաքոփուլոս դատապարտած է անցեալ գիշեր Աթէնքի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը եւ զայն նկատած ահաբեկչական գործողութիւն մը:

«Յունաստանի կառավարութիւնը կը դատապարտէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը եւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ոստիկանութեան աշխատակիցին, որ վիրաւորուած է յարձակումին պատճառով», ըսած է ան` աւելցնելով. «Յունաստանի ոստիկանութիւնը պիտի կատարէ մեղաւորները բացայայտելու իր գործը եւ կ՛երաշխաւորէ բոլոր քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը: Այսպիսի ահաբեկչական գործողութիւնները պիտի չկարենան ազդել Յունաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն մէջ տիրող բարեկամութեան եւ համերաշխութեան վրայ»:

Անյայտ անձերու կողմէ նետուած ձեռնառումբ մը պայթած է Աթէնքի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան տարածքին մէջ, այդ պատճառով ալ թեթեւօրէն վիրաւորուած է դեսպանատան հսկող ոստիկան մը:

Երկու անծանօթ անձեր մոթորսիքլեթով անցած են դեսպանատան շէնքին մօտէն, ձեռնառումբը նետած ու փախուստի դիմած: Միջադէպի վայր հասած են իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներն ու սակրաւորներ, որոնք շրջապատած են թաղամասը:

Ֆրանսայի դեսպանատունը կը գտնուի Աթէնքի կեդրոնը` Վասլիսաս Սոֆիաս պողոտային մէջ:

Նախորդը

«Մոսկուա Կը Յուսայ, Որ Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնանան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Ըշըք. «Սինճարի Մէջ ՔԱԿ-ի Ներկայութիւնը Պիտի Չարտօնենք»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.