Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Ռուսական անօդաչու թռչող սարք մը Քիեւի մէջ երէկ կէսօրին հարուածած է առեւտրական կեդրոն մը, այդ պատճառով ալ առնուազն չորս մարդ սպաննուած է, վիրաւորուած են առնուազն եօթը մարդիկ, կը յայտնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը: Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ յայտնած է, որ հարուածը հասցուած է Սոլոմեանսքի շրջանի գրասենեկային շէնքին մօտ գտնուող կայանատեղիին: Հրդեհուած են մեքենաներ եւ շէնքը:




















