Միջազգային

Թուրքիան Որոշած Է Պաաշիքա Ռազմակայանը  Աստիճանաբար Յանձնել Իրաքեան Իշխանութիւններուն

Թուրքիան Որոշած Է Պաաշիքա Ռազմակայանը Աստիճանաբար Յանձնել Իրաքեան Իշխանութիւններուն

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Անգարա որոշած է նաեւ Զլիքան անունով ծանօթ Պաաշիքա ռազմակայանը աստիճանաբար յանձնել իրաքեան իշխանութիւններուն` երկու կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած գործիքակազմի հիմամբ:

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

Երեք աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Քաթարցի միջնորդներուն այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական բեկում յառաջացնելու համար թափած ջանքերը չնչին յառաջընթաց արձանագրեցին, որովհետեւ երկու կողմերէն ոչ մէկը զիջում կատարելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց»: «Այս անել կացութիւնը երկու կողմերուն մօտ կ՛ամրապնդէ այն համոզումը, թէ զինուորական հակամարտութեան վերականգնումը հետզհետէ աւելի հաւանական կը դառնայ: Ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսի միջանկեալ...

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

Դէպքէն եւ առեւանգման փորձ ըլլալու հերքումէն ժամեր ետք, Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւային ընկերութեան Տուպայէն Թել Աւիւ ուղղուող օդանաւի դէպքը նկատեց «ահաբեկչական փորձ», իսկ օդանաւային ընկերութիւնը շեշտեց. «դէպքին պատճառներն ու դրդապատճառները ճշդելու համար տակաւին կանուխ է»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ խօսած է օդանաւին մէջ գտնուող իսրայէլացի ճամբորդներէն մէկուն հետ, որ իրեն յայտնած է, թէ օդանաւի անձնակազմի մէկ անդամին հետ...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Շան Պառնել երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներն ու դաշինքին մէջ անոր գործընկերները այսօր պաշտօնապէս աւարտեցին Իրաքի մէջ «Ամուր վճռակամութիւն» գործողութիւնը, ինչ որ համահունչ է սեպտեմբեր 2024-ին հրապարակուած ամերիկեան-իրաքեան միացեալ հաղորդագրութեան եւ ամերիկեան ազգային շահերուն»: «Դաշինքի ուժերու եւ սարքերու Էրպիլի օդուժի ռազմակայանէն կանոնաւոր հեռացումը կը ներկայացնէ յաջող աւարտը զինուորական առաքելութեան, որ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնեց»,...

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 14-րդ Կայան.  «Նեթանիահուի` Ապու Տապիի Մէջ Պըն Զայետի Հետ  Ժողովին 10 Պետութիւններու  Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան»

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 14-րդ Կայան. «Նեթանիահուի` Ապու Տապիի Մէջ Պըն Զայետի Հետ Ժողովին 10 Պետութիւններու Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան»

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ապու Տապիի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետի հետ հանդիպումը կայացած է 10 պետութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Նշենք, որ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդած էր, թէ Նեթանիահու 27 սեպտեմբերին այցելած է Ապու Տապի եւ հանդիպում ունեցած երկրի նախագահին հետ: Էմիրաթական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնած է. «Ժողովը գումարուեցաւ...

Ամերիկացի Խումբ Մը Քոնկրեսականներ Դարձեալ Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուցած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Կրթական Հրամանագիրը

Ծերակուտականներ Կը Պահանջեն Ազրպէյճանի Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը

Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին հասցէագրուած նամակով մը, խումբ մը ծերակուտականները խոր մտահոգութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին օրով շարունակուող կամայական ձերբակալութիւններուն համար: Անոնք կ՛ընդգծեն, որ Ամերիկայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու յաջողութիւնը կախեալ է անկէ, թէ արդեօք Պաքու պիտի կատարէ՞ իր պարտաւորութիւնները, որոնց շարքին` բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը: Ծերակուտականները կը շեշտեն, որ Ամերիկայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գործակցութիւնը...

Պըռնհեմ. «Բրիտանիան Պէտք Է  Եւրոպական Միութեան Հետ Իր Ապագայ  Յարաբերութիւններու Ընտրանքները Սերտէ»

Պըռնհեմ. «Բրիտանիան Պէտք Է Եւրոպական Միութեան Հետ Իր Ապագայ Յարաբերութիւններու Ընտրանքները Սերտէ»

Բրիտանիոյ վարչապետ Անտի Պըռնհեմ յայտնեց. «Բրիտանիան պէտք է Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու վերակառուցման իր ջանքերու ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ իր ապագայ յարաբերութիւններու ընտրանքները սերտէ, ներառեալ պլոքին վերամիանալու կարելիութիւնը»: Պըռնհեմ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Կառավարութիւնը պէտք է Եւրոպական Միութեան հետ երկարատեւ յարաբերութիւններու տարբեր բնորդներ քննարկէ, իւրաքանչիւր ընտրանքի առաւելութիւններն ու խոցելի կէտերը, ինչպէս նաեւ գործնական գետնի վրայ կարելի եղողը քննարկէ»: «Սեղանի վրայ դրուած ընտրանքները...

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

Իրանի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Հիւլէական զէնք չտարածելու մասին պայմանագիրէն երկրի դուրս գալու առաջարկը, յայտարարեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատ, կը հաղորդէ իրանական «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը: «Հիւլէական զէնք չտարածելու մասին պայմանագիրէն դուրս գալու մասին օրինագիծի նախագիծը քննարկման փուլին մէջ է: Պաշտօնապէս ներկայացուելէ ետք անիկա պիտի քննարկուի նոյն օրը», ըսաւ իրանցի պաշտօնեան: Նիքզատի համաձայն, խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ պայմանագիրէն հաւանական դուրս գալու միջազգային...

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ կան նշաններ, թէ երկրի «թշնամիները» կրնան յարձակում փորձել 27 հոկտեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ: Ան չյստակացուց, թէ որո՛ւ մասին է խօսքը կամ ի՛նչ տուեալներու վրայ հիմնուած է նախազգուշացումը: Թել Նոֆ ռազմաօդային խարիսխ այցելութեան ժամանակ Նեթանիահու նաեւ զգուշացուց հաւանական յարձակողները` յայտարարելով, որ Իսրայէլը կրնայ անոնց հասնիլ «որեւէ ժամանակ եւ որեւէ վայրի մէջ»: Ան պնդեց, որ...

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կարծիք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը Իրանի դէմ պիտի աւարտի շատ շուտով: Ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, ան այս դիրքորոշումը արտայայտեց Ուաշինկթընի մէջ արհեստական բանականութեան նուիրուած համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ: «Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ: Անոնք շատ վատ կը գործեն: Ատիկա շատ շուտով պիտի աւարտի», յայտարարեց Թրամփ` աւելցնելով, որ ինք կը կարծէ, որ...

Լաւրով. «Եթէ Եւրոպան Ռուսիոյ Վրայ Յարձակի Պատերազմը Այլ Պիտի Ըլլայ Եւ Շատ Կարճ»

Լաւրով. «Եթէ Եւրոպան Ռուսիոյ Վրայ Յարձակի Պատերազմը Այլ Պիտի Ըլլայ Եւ Շատ Կարճ»

Ռուսիան բազմիցս ընդգծած է, որ չի պատրաստուիր յարձակիլ արեւմտեան երկիրներու վրայ եւ ատով զբաղուելու որեւէ շահագրգռուածութիւն չունի: Սակայն եթէ Եւրոպան, որ պարբերաբար կը խօսի Ռուսիոյ դէմ պատերազմի նախապատրաստուելու մասին, Ռուսիոյ վրայ յարձակի, ատիկա արդէն բոլորովին այլ պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ անիկա շատ կարճ պիտի ըլլայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ...

Եւրոպական Միութիւնը Մինչեւ 12 Միլիառ Եւրօ Ներդրումներ Պիտի Ներգրաւէ Հարաւային Կովկասն Ու Կեդրոնական Ասիան Եւրոպական Միութեան Շուկային Կապելու Համար

Եւրոպական Միութիւնը Մինչեւ 12 Միլիառ Եւրօ Ներդրումներ Պիտի Ներգրաւէ Հարաւային Կովկասն Ու Կեդրոնական Ասիան Եւրոպական Միութեան Շուկային Կապելու Համար

Եւրոպական Միութիւնը մինչեւ 12 միլիառ եւրոյի ներդրումներ պիտի ներգրաւէ Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան Եւրոպական Միութեան շուկային կապելու համար: Այս մասին ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը` յայտարարելով Եւրոպական Միութեան նոր միջազգային նախագիծը, որ պէտք է Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան ուղղակիօրէն կապէ եւրոպական շուկային հետ: Ծրագիրը կը զարգանայ «Միջին միջացք» անունով յայտնի փոխադրութեան երթուղիի ծիրին մէջ:...

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

Քաթարցի միջնորդները հաւանաբար այս քանի մը օրերուն Նիւ Եորքի մէջ առանձին բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկեան կողմին հետ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իրազեկ պաշտօնեայ մը: Ըստ նոյն աղբիւրին, կ՛ակնկալուի, որ բանակցութիւնները կը կեդրոնանան նախորդ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակին մէջ Իրանի ներկայացուցած առաջարկի փոփոխուած տարբերակին վրայ: Արաղչի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք կը մնայ...

Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին  Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան  Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»

Քրեմլին. «Ուքրանիան Գին Կը Վճարէ Ռուսիոյ Վրայ Յարձակումներուն Համար»

Ուքրանիան «գին պիտի վճարէ»` Ռուսիոյ իր հարուածներուն համար, երէկ յայտարարած է քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Այդ մասին նոյնպէս խօսած է նախագահը ` Ուքրանիան ստիպուած պիտի ըլլայ գին վճարել այն գործողութիւններուն համար, որոնք տեղ գտած են վերջին ամիսներուն: Այժմ նոյնինքն այդ տեղի կ՛ունենայ», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան փոխանցումով` ըսած է Տմիթրի Փեսքով: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ զինուած ուժերը «կը շարունակեն յատուկ ռազմական գործողութիւնը,...

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած է Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու Իրանի առաջարկը` զայն անընդունելի նկատելով: Մէկ օր առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարած էր, որ Թեհրան Ուաշինկթընին «յստակ» ծրագիր ներկայացուցած է, որով անհրաժեշտ պայմաններու կատարման պարագային նեղուցը կրնար վերաբացուիլ եօթը օրուան ընթացքին: «Ես կը մերժեմ անոնց գործարքը: Անոնք կ՛ուզեն, որ նեղուցը անմիջապէս բանան, որովհետեւ շատ վատ վիճակի մէջ...

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

Փարիզի կեդրոնին մէջ երէկ Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ. պապին մասնակցութեամբ մեծ բացօթեայ պատարագ տեղի ունեցաւ: Քոնքորտի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան աւելի քան 600 հազար մարդ մասնակցեցաւ: Մարդիկ արդէն ժամեր առաջ սկսան հաւաքուիլ Էլիսէի դաշտերու յարակից հատուածներուն: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պատարագին չմասնակցեցաւ: Ներկաներու շարքին եղան նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Մարին Լը Փեն եւ նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ: Լեւոն ԺԴ....

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնին մէջ` Աքրոփոլիսի հարեւանութեամբ գտնուող Փլաքա զբօսաշրջային թաղամասին մէջ, հզօր պայթումէն շէնք մը փլուզուած է: Առնուազն երկու մարդ զոհուած է, երեքը` վիրաւորուած: Քանի մը մարդիկ, որոնց շարքին օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ, անհետ կորսուած կը նկատուին: Փրկարարները փլատակներէն դուրս բերած են երիտասարդ կնոջ եւ տղամարդու մարմինները: Յունական լրատուամիջոցներու հաղորդումով` զոհուած կինը ամերիկացի զբօսաշրջիկ էր, որ շէնքին մէջ կը հանգստանար ամուսինին...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաստատած Է Ռիատին 24,3 Միլիառ Տոլարի «Էֆ-35» Հալածիչներ Վաճառելու Գործարքը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաստատած Է Ռիատին 24,3 Միլիառ Տոլարի «Էֆ-35» Հալածիչներ Վաճառելու Գործարքը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ հաստատած է Սէուտական Արաբիոյ «Լաքհիտ Մարթին» ընկերութեան արտադրութեան «Էֆ-35 Լայթնինկ 2» հալածիչներու հաւանական վաճառքը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ»-ը: Վաճառքը պիտի նշանակէ զգալի փոփոխութիւն Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան, որ կրնայ փոխել Միջին Արեւելքի մէջ զինուորական ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ մարտահրաւէր պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Իսրայէլի «որակական զինուորական առաւելութիւնը» պահպանելու Ուաշինկթընի յանձնառութեան: Սէուտական Արաբիան օդանաւերու...

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առաջարկած են թեքնիք ձեւաչափով եռակողմ հանդիպում կայացնել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, հաղորդած է Վոլոտիմիր Զելենսքի: Այժմ, ըստ Ուքրանիոյ նախագահին, Կիեւ ամերիկեան կողմէն առաջարկներ կը սպասէ ժամկէտին վերաբերեալ: Զելենսքի յայտնած է նաեւ, որ Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումէն ետք, ուքրանական եւ ամերիկեան բանակցային խումբերը պայմանաւորուած են խորհրդակցութիւններ կայացնել Պրիւքսելի եւ...

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

Թեհրան Ուաշինկթընին ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը, որը կարելիութիւն կու տայ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու 7 օրուան մէջ եւ վերսկսիլ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները, Նիւ Եորքի մէջ յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, կը տեղեկացնէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը: «Մենք միջնորդներու միջոցով Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած ենք ծրագիր մը, որ եթէ որոշակի պայմաններ բաւարարուին… նեղուցը կը բացուի 7 օրէն», ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի...

Page 6 of 881 1 … 5 6 7 … 881

Արխիւներ