Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է առաջնորդուին մեր երկիրներուն միջեւ հակամարտութիւններու եւ առճակատման բացառման սկզբունքով: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ:
«Վստահ եմ` կը գտնենք ճիշդ ուղի, որպէսզի 2 գերտէրութիւնները կարողանան խաղաղօրէն գոյակցիլ այս մոլորակին վրայ», յայտնած է ան:


