Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի հետ պատերազմը շուտով պիտի աւարտի, որովհետեւ այդտեղ ամէն ինչ քանդուելէն ետք անոնք չեն կրնար շարունակել, եւ քարիւղի ու պենզինի գիները շատ արագ պիտի նուազին»:
«Իրանի մէջ ամէն ինչ քանդուեցաւ, անոր ծովուժը կը գտնուի Ծոցի ջուրերուն յատակը», ըսաւ ան:
«Իրանցիները ծանր կորուստներ կը կրեն եւ մեծապէս կ՛ուզեն համաձայնութեան գալ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Մեր ուզած պահուն կրնանք Իրանի վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնել», նշեց Թրամփ` շեշտելով. «Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»:
«Իրանի դէմ աննախադէպ շրջափակում հաստատեցինք, եւ անցնող բոլոր ամիսներուն ընթացքին որեւէ նաւ չկրցաւ այդ շրջափակումը խզել», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու, եւ պատերազմը մօտ օրէն պիտի աւարտի»:
Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ կը նախատեսուի, որ Թրամփ Նիւ Եորքի մէջ յառաջիկայ երեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենայ Ծոցի երկիրներու ղեկավարներուն հետ` քննարկելու համար Իրանի դէմ պատերազմին յառաջիկայ քայլերը:
Աղբիւրը ամերիկեան կայքին նշած է, որ ժողովը պիտի կեդրոնանայ յետպատերազմեան փուլի ռազմավարութեան վերաբերեալ ամերիկեան գաղափարներուն վրայ:
Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց. «Արաբական ծոցի շարք մը երկիրներ, մասնաւորաբար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը դէպի Իրանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում կ՛ուղղուին»:
ՄԱԿ-ի Իրանի հարցով փաստահաւաք առաքելութիւնը յայտարարած է, թէ բաւարար հիմքեր գտած է ենթադրելու, որ ամերիկեան ուժերը պատասխանատու են Մինապ քաղաքի Շաճարէ Թայեպեհի նախակրթարանին վրայ յարձակումին համար, ուր, ըստ իրանցի պաշտօնատարներու, արձանագրուած են 150 զոհեր, ներառեալ շուրջ 120 դպրոցականներ:
Առաքելութիւնը եզրակացուցած է, որ այս յարձակումը տարբերութիւն չէ դրած զինուորական եւ քաղաքային թիրախներու միջեւ եւ յանգեցուցած է քաղաքայիններու մահուան եւ քաղաքային ենթակառոյցներու վնասման, ինչ որ միջազգային օրէնքի համաձայն կը նկատուի պատերազմական յանցագործութիւն:
ՄԱԿ-ի առաքելութեան հետաքննութիւնը նաեւ պարզած է, որ Իրանի իշխանութիւնները անցեալ տարուան դեկտեմբերին վերջին բողոքի ցոյցերուն ժամանակ լայնածաւալ եւ համակարգուած յարձակում կատարած են քաղաքայիններու վրայ, ինչ որ ներառած է անօրինական սպանութիւններ, խոշտանգումներ, կամայական կալանքներ, հարկադիր անհետացումներ եւ խօսքի ազատութեան խիստ սահմանափակումներ:
Առաքելութիւնը այդ արարքները նկատած է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ:
Իրանի վերաբերեալ Անկախ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան նոր զեկուցումը պէտք է ներկայացուի Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդին:


