Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժերը Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ապահովական գօտիներուն մէջ պիտի մնան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը Թուրքիան ու Իրանը զգուշացուց իսրայէլացի որեւէ քաղաքայինի կամ զինուորի առեւանգումէն, որովհետեւ այդ քայլին արձագանգը Կազայէն մէկ միլիոն պաղեստինցիներու տեղահանումը պիտի ըլլայ:
«Անհրաժեշտութեան պարագային Իրանը երրորդ անգամ ըլլալով պիտի ռմբակոծենք, մինչեւ վարչակարգի տապալումը», ըսաւ ան:
«Կազայի մէջ Դեղին գիծէն պիտի չհեռանանք, քանի տակաւին Համասը կայ», նշեց Քաց:


