Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մուհսեն Ռիտայի յայտարարեց. «Ամերիկեան կառավարութեան որեւէ բանակցութիւն սկսելու իրանեան եօթը պայմաններ փոխանցուեցան»:

«Թեհրանի պատգամը յստակ է եւ աներկբայելի. եթէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ ինքզինք մատնած նեղ կացութենէն դուրս բերել եւ ատոր մէջ աւելի չներքաշուիլ, ապա անոր առջեւ միայն Իրանի իրաւունքներն ու պայմանները ընդունելու ուղին գոյութիւն ունի», շեշտեց Ռիտայի:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ նշեց. «Իրանցի ժողովուրդի դիմադրութիւնը միայն Իրանի անվտանգութիւնը չ՛երաշխաւորեր, այլ շրջանին ու աշխարհի վրայ նոր համակարգ ստեղծելով պիտի յանգեցնէ տնտեսական եւ ռազմավարական ոլորտներու մէջ դրական զարգացումներու»:

«Ժողովուրդի արժէքաւոր ու պատմական դիմացկունութիւնը Իրանը պիտի բարձրացնէ ուժի եւ բարգաւաճման նոր մակարդակներու», ըսաւ ան:

«Մեր կարծիքով, պատերազմ կամ բանակցութիւն երկընտրանքը իսկական չէ, այլ պէտք է միեւնոյն ժամանակ պատերազմ մղել եւ բանակցիլ: Պէտք է իմաստուն ու կարող կերպով պատերազմինք, եւ պատշաճ պահուն իմաստութեամբ ու կարողութեամբ բանակցինք», յայտնեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը:

«Դիւանագիտական գետնի վրայ մեր դիրքորոշումը շատ յստակ ու տրամաբանական է, եւ ոչ բանակցելի: Հակառակորդ կողմին` Ամերիկային միջնորդներու ճամբով յստակ կերպով փոխանցուեցան մեր պատգամներն ու պայմանները: Թշնամին լաւ գիտէ, թէ խաբէութեան ու միակողմանի պարտադրանքի ճամբան փակ է, եւ եթէ այս պայմանները, իրանցի ժողովուրդի օրինական իրաւունքները չճանչցուին եւ ամերիկեան խոստումները չկատարուին, բանակցութեան նախկին պայմաններուն վերադառնալու կամ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման առիթ պիտի չըլլայ», յայտարարեց Ղալիպաֆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այս շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպումի մը գաղափարին նկատմամբ դրական տրամադրուած է, «եւ ես որոշում տալու դիրքի վրայ եմ, եւ մօտիկ ապագային Իրանի վերաբերեալ շատ մեծ բաներ պիտի պատահին»:

 

Նախորդը

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

Յաջորդը

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.