Իսրայէլեան բանակը լրացուցիչ ուժեր ուղարկած է Կազա, Լիբանան, Սուրիա եւ Այսրյորդանան` 20 սեպտեմբերի երեկոյեան սկսած հրէական Եոմ-Քիփուր (Քաւութեան օր) տօնի ընթացքին անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը:
Իսրայէլեան բանակէն կայանին զրուցակիցը յայտարարած է. «Մենք պատրաստ ենք բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Իրանի ճակատը, եւ միշտ պատրաստ ենք զինադադարէն անցնելու մարտական գործողութիւններու վերսկսման` թէ՛ պաշտպանութեան մէջ, թէ՛ ալ յարձակման մէջ: Եթէ նոյնիսկ մեզի անակնկալի բերեն, մենք պիտի չպարտուինք»:
Պատկերասփիւռի կայանին աղբիւրը նշած է, որ իսրայէլեան բանակը ունի անյապաղ գործողութիւններ կատարելու հրահանգներ, ինչպէս նաեւ երկարատեւ արշաւի ծրագիրներ:


