Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հորմուզի նեղուցը «երբեք պիտի չվերադառնայ իր նախկին վիճակին», եւ Իրան պիտի շարունակէ «ամբողջութեամբ կառավարել եւ վերահսկել» այս ջրային ուղին, յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէիի ռազմական հարցերով խորհրդական հազարապետ-զօրավար Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի:

Տեսանիւթի մը մէջ, զոր հրապարակած են իրանական «Ֆարս» եւ «Թասնիմ»  լրատու գործակալութիւնները, Սաֆաւի կը պնդէ, որ Իրանն ու Օմանը «համաձայնութեան եկած են նեղուցի կառավարման եղանակին շուրջ, սակայն ամերիկացիները խոչընդոտած են զայն»:

Պատերազմէն առաջ Հորմուզով կը փոխադրուէր աշխարհի մէջ սպառող նաւթին եւ բնական կազին շուրջ 20 առ հարիւրը: Մինչդեռ հիմա օրական շատ քիչ նաւեր կ՛անցնին նեղուցէն:

Գերագոյն հոգեւոր պետին խորհրդականը նշած է, որ Պարսից ծոցը եւ Կարմիր ծովը, ինչպէս նաեւ Հորմուզի նեղուցն ու Պապ Մանտեպը իբրեւ փոխկապակցուած պատերազմի թատերաբեմ դիտարկելու Իրանի ռազմավարութիւնը հիմնովին պիտի փոխէ տագնապին բնոյթը:

Սաֆաւի նաեւ ըսած է, որ Եմէնի հուսիները, որոնք յառաջխաղացք արձանագրած են Պապ Մանտեպի նեղուցին մէջ եւ կարեւոր դիրքեր գրաւած են, ունին իրենց «սեփական նպատակներն ու ռազմավարութիւնը, եւ անոնք մեծ յառաջընթաց արձանագրած են զէնքի արտադրութեան մէջ»:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան 23 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն վստահեցուցած էր, որ Իրան երբեք պիտի չյանձնուի Միացեալ Նահանգներուն, բայց տակաւին կը հաւատայ դիւանագիտութեան:

Ան նաեւ հակադարձած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփին` յայտարարելով, որ Իրան ոչ թէ ահաբեկչութեան աղբիւր է, այլ անոր զոհը: «Երէկ Թրամփ մեզ ահաբեկիչներ անուանեց: Մենք ահաբեկչութեան զոհեր ենք», յայտարարած էր Փեզեշքիան:

 

Նախորդը

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

Յաջորդը

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Պատգամաւորները Դուրս Եկան Արցախցիներուն Հարցերուն Վերաբերող Քննարկումէն, Երբ Յիշուեցան Արցախի Պետական Մարմինները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.