Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսեն յայտարարեց, թէ կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ Կրինլանտն ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու հետ կնքեն համաձայնութիւն մը` ամրապնդելու համար Հիւսիսային Բեւեռի եւ Ատլանտեան ովկիանոսի հիւսիսին մէջ անվտանգութիւնը:
Ֆրետերիքսեն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ուրախ եմ յայտնելու, որ Կրինլանտի, Դանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համար լաւ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի»:
Ան աւելցուց, որ համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Դանիան գոյացուցած են Կրինլանտի վերաբերեալ ապահովական համաձայնութիւն մը, որ կ՛երաշխաւորէ, որ Չինաստանն ու Ռուսիան չկարենան բեւեռային կղզիին վրայ ռազմակայաններ հաստատել:
Նախարարութենէն պաշտօնատար մը շեշտեց. «Համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներուն յստակօրէն կ՛երաշխաւորէ ամերիկեան ցամաքամասը անվտանգ դարձնելու եւ զայն պաշտպանելու համար Կրինլանտի մէջ իր անհրաժեշտ նկատած քայլը առնելու, ներառեալ տեւական հասանելիութեան իրաւունք, ռազմակայաններու ստեղծում եւ օդային տարածքին մէջ թռիչքներ»:
«Համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ Չինաստանն ու Ռուսիան պիտի չկարենան Կրինլանտի մէջ ռազմակայաններ ստեղծել կամ այդտեղ ուժեր ուղարկել, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովէ մեքանիզմներ` զգայուն ոլորտներու մէջ ներդրումը արգիլելու համար», աւելցուց պաշտօնատարը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու, Դանիոյ եւ Կրինլանտի իշխանութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը «կը նպաստէ կացութեան հանդարտեցման» եւ կղզիին վրայ «դանիական գերիշխանութեան վերահաստատման»:
«Կը բաւարարուիմ ըսելով, որ Դանիոյ գերիշխանութիւնը յարգուեցաւ, եւ միջազգային օրէնքը յարգուեցաւ, եւ մեր ուզածը այդ էր, ուստի ասիկա լաւ բան է», նշեց Մաքրոն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, թէ գոյացած համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կղզիին անվտանգութեան վրայ «տեւական վերահսկողութիւն» կը տրամադրէ եւ Ռուսիոյ ու Չինաստանին կ՛արգիլէ դանիական այդ շրջանին մէջ ռազմակայաններ ստեղծել:


