Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց. «Երկարատեւ բանակցութիւններ վարեցինք իրանեան պատուիրակութեան հետ` միջնորդներու միջոցով, որոնք երկու կողմերուն միջեւ կ՛երթեւեկէին»:
Նշենք, որ ամերիկացի պատուիրակներ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների իրանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ:
«Միջնորդները յաջողութեամբ աւարտեցին քննարկումներու փուլ մը, որ կը յուսանք կ՛ըլլայ շինիչ ու խոստումնալից, եւ պիտի շարունակենք իրենց աշխատանքը», աւելցուց Ուիթքոֆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկացի պատուիրակներու իրանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ կը կարծէ, թէ Իրանի հետ լուծում ձեռք պիտի բերուի:
«Մօտիկ ապագային իրանցիներուն հետ որոշուած մէկ այլ ժողով մը ունինք», նշեց Թրամփ:
Նշենք, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էր, որ Թրամփ իր խորհրդականներուն ըսած է, թէ կ՛ուզէ Նիւ Եորք գտնուող իրանցի պաշտօնատարներուն հետ հանդիպում դասաւորել:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ Նիւ Եորքի մէջ ժողով մը գումարուած է` ամերիկեան կողմի զայն գումարելու պնդումէն ետք:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, իրանեան կողմը ամերիկեան կողմին փոխանցած է Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու Թեհրանի պայմանները, նախ եւ առաջ` ծովային շրջափակման անմիջապէս վերացում, իրանեան սառեցուած գումարներու ապասառեցում եւ դիմադրութեան բոլոր ճակատներուն վրայ պատերազմին վերջ տալ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրան Նիւ Եորքի մէջ Քաթարի միջոցով Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ իր պայմանները:
Պաղայի ըսած է, թէ այդ պայմանները կը ներառեն բոլոր ճակատներուն վրայ ամերիկեւիսրայէլեան պատերազմի եւ Միացեալ Նահանգներու «յարձակողական արարքներու» դադրեցումը:
Ան յայտնած է, որ Իրան նաեւ պահանջած է, որ Միացեալ Նահանգները դադրեցնեն իրանեան նաւահանգիստներու դէմ հաստատուած շրջափակումը, տնտեսական պատերազմը, ինչպէս նաեւ ապասառեցնեն իրանեան սառեցուած դրամատնային հաշիւները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Նիւ Եորքի մէջ յայտարարութիւն մը կատարելով շեշտեց. «Շրջանին մէջ ծովային անվտանգութեան վերականգնումը կը պահանջէ, որ Ամերիկան դադրի անվտանգութիւնը քայքայելէ եւ տնտեսական ահաբեկչութիւնը դադրեցնէ»:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ֆրանսան պատրաստ է Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու պաշտպանական բնոյթ ունեցող միջազգային գործողութեան մը մասնակցելու»:


