Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր Հուսէյն Մոհիպի նշեց, որ Թեհրան նոր զէնքեր եւ մինչեւ հիմա չթիրախաւորած դիրքեր պիտի թիրախաւորէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ նոր յարձակում մը շղթայազերծեն:
«Եթէ նոր յարձակում մը տեղի ունենայ, հաստատօրէն զէնքերուն տեսակն ու պատերազմի աշխարհագրութիւնը պիտի փոխենք», յայտարարեց ան` շեշտելով, որ Իրան պատրաստ է երկարատեւ պատերազմի:
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Ուալց յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է Իրանին արգիլել ունենալ հիւլէական զէնք, որ զայն կարող կը դարձնէ «աշխարհը պատանդ վերցնել»:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն այս նպատակի իրագործման համար առաւելագոյն ճնշումի քաղաքականութիւն կիրարկել:
Ուալց աւելցուց, որ բանակցութեան սեղան վերադառնալու ուղին տակաւին Իրանի առջեւ բաց է, սակայն պայմանով, որ բանակցութիւնները բարի կամեցողութեամբ վարէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընի մէջ Իրանի թղթածրարի քննարկման համար կարեւոր ժողովներ գումարուած են` շեշտելով, որ Թեհրան ներկայիս տնտեսական ու քաղաքական հետզհետէ աճող ճնշումներուն պատճառով չափազանց վատ կացութեան մէջ կը գտնուի:
Թրամփ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ որեւէ պարագայի Իրանին պիտի չարտօնեն հիւլէական զէնք ձեռք բերել` նշելով, որ Իրանի մէջ ընդհանուր կացութիւնը «բացարձակապէս լաւ չէ»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի.Վանս յայտնեց, որ իր երկիրը «մարտավարական հոյակապ հարուած»-ով մը իրանեան երեք հիւլէական կառոյցներ քանդած է` շեշտելով, որ այդ մէկը բաւարար չէ, եւ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի, որ Թեհրան իր հիւլէական ծրագիրը վերականգնելու կարողութիւնը չունենայ:
Վանս «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ եթէ նոյնիսկ Իրան փորձէ վաղը, մէկ ամիսէն կամ մէկ տարիէն պիտի չկարենայ հիւլէական զէնք ստեղծել:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չինաստան յայտարարած է, թէ դէմ է իրանեան օդանաւային ընկերութիւններուն դէմ ամերիկեան «ապօրինի» պատժամիջոցներուն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, թէ իր ամերիկացի պաշտօնակից Թրամփի հետ համաձայնած է Միջին Արեւելքի մէջ ենթակառոյցներն ու Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումը պաշտպանելու ճամբով շուկաներուն մէջ լարուածութեան մեղմացման շուրջ:
Մինչ այդ, Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մոհսեն Նաքուի Թեհրանի մէջ վարեց բանակցութիւններ, որոնք կը վերաբերէին երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հակամարտութեան վերջ տալու միջնորդական ջանքերուն:
Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն Նաքուի ըսած է, թէ իր իրանցի պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Փաքիստանի վարչապետի եւ բանակի հրամանատարի խաղաղութեան հոլովոյթի եւ զայն յառաջ մղելու վերաբերեալ ջանքերը:
Փաքիստանցի նախարարը աւելցուցած է, որ քննարկումներու ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է շարք մը խնդիրներու, ներառեալ սահմանային գործակցութեան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ըսաւ, թէ այցելութեան նպատակները նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շուրջ տեսակէտներու փոխանակումը եւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան կէտերու քննարկումն են:
Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը նշեց, որ քննարկումները կը ներառեն միջնորդական եւ սառած վիճակին վերջ տալու ջանքերը:
Բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ Փաքիստանի եւ Քաթարի գլխաւորած միջնորդական ջանքերու ծիրին մէջ:
Թեհրան նախապէս հաստատած էր, որ միջնորդներու հետ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ անոնք տեղեկացուած են Իրանի կողմէ բանակցութիւններու պայմաններէն:
Իրան կը պնդէ, որ միջնորդական ջանքերու նպատակը 17 յունիսին Փաքիստանի միջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին վերադառնալն է:
Իրանցի պաշտօնատար մը ճափոնական «Քիոթօ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան Հորմուզի նեղուցը պիտի բանայ, եթէ Ամերիկան պատրաստակամութիւն յայտնէ շրջափակումը վերցնելու եւ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու»:


