Միջազգային

Ըստ «Կարտիըն»-ի.  Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

Ամերիկացի դիւանագէտներ շաբաթավերջին Օմանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած են հուսիներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած Կարմիր ծովուն մէջ լարուածութիւնը: Այս մասին «Աքսիոս»-ին յայտնած է շրջանային լաւատեղեակ աղբիւր մը: Աղբիւրը յայտնած է, որ Մասքաթի մէջ գումարուած ժողովը կազմակերպուած էր Օմանի կառավարութեան օգնութեամբ եւ կեդրոնացած է Միացեալ Նահանգներու եւ հուսիներու միջեւ զինադադարի պահպանման եւ Պապ Մանտեպ նեղուցը նաւարկութեան...

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Մարոքի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ փոխադարձ դեսպանատուներու բացում կատարելու շուրջ: Համաձայնութիւնը գոյացած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Նիւ Եորքի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ հանդիպումի ընթացքին:  

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտարարեց, թէ Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը «երկու ամիսէն ամբողջովին տարբեր փուլ մուտք պիտի գործէ»: Ան ըսաւ, որ ատիկա համահունչ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութեան, թէ պատերազմը Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններէն «անմիջապէս ետք» պիտի աւարտի: «Մինչեւ ընտրութիւններու ժամկէտը, իրանեան վարչակարգը պիտի շարունակէ Հորմուզի նեղուցին վրայ իր վերահսկողութիւնը կորսնցնել, երբ ուժանիւթի համաշխարհային մակարդակով...

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

Չինաստանը հանդէս կու գայ իբրեւ Իրանի ռազմավարական գործընկեր եւ պատրաստ է պաշտպանելու երկրի օրինական շահերը: Այս մասին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի: «Չինաստանն ու Իրանը կը պահպանեն համակողմանի ռազմավարական գործընկերութիւն: Չինաստանը նաեւ պատրաստ է ամրապնդելու երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը իրանեան կողմին հետ, յուսալիօրէն պաշտպանելու Իրանի օրինական իրաւունքներն ու շահերը»,...

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս մտահոգութիւն յայտնեց հուսիներուն Կարմիր ծովուն մէջ Մայուն կղզին (նաեւ ծանօթ` Փերիմ անունով, «Ա.») գրաւելու քայլով, միեւնոյն ժամանակ այն կարծիքը յայտնելով, թէ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է: Պատասխանելով հուսիներուն Մայուն կղզիին տիրելուն մասին հարցումի մը` Վանս ըսաւ. «Անշուշտ, կացութիւնը մտահոգիչ է, անիկա կացութիւն մըն է, որուն մօտէն կը հետեւինք: Մենք տեւական կապի մէջ ենք շրջանին մէջ...

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ երէկ Օմանի Սալալա քաղաքին մէջ նախատեսուած հանդիպումը չեղեալ նկատուած է Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքով` Եմէնի մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով: «Այո՛, ատիկա ճիշդ է: Հանդիպումը յետաձգուած է Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքով: Ատիկա կապուած է այն ամէնի հետ, ինչ որ այժմ տեղի կ՛ունենայ անոնց եւ Եմէնի միջեւ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ...

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

Հիւսիսային Իրլանտայի, Կալեսի եւ Սկովտիոյ առաջին նախարարներ Միշէլ Օ՛Նիլը, Ռուն Ափ Եորվերթը եւ Ճոն Սուինին ստորագրած են փոխհասկացողութեան յուշագիր, որուն մէջ ամրագրուած է այդ շրջաններուն ինքնորոշման իրաւունքը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ փաստաթուղթը ստորագրուած է Քարտիֆի մէջ հանդիպումի ժամանակ: «Սքայ Նիուզ»-ի կողմէ մէջբերուած փաստաթուղթի հատուածներուն համաձայն, ղեկավարները Բրիտանիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած են` պատրաստուելու, ծրագրելու եւ ապահովելու սահմանադրական փոփոխութիւններ իւրաքանչիւր...

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

Թրքական կառավարական աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Թուրքիոյ կարծիքով` Ուքրանիոյ հակամարտութեան վերջ տալը միայն բանակցութիւններու ճամբով իրագործելի է»: Ան նշած է. «Պոլիսը փաստած է երկխօսութեան հարթակ ըլլալու իր յարմարաւէտութիւնը, եւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու այդտեղ շարունակումը կարելի ու յարմար է»: Նախքան այդ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յայտարարած էր, թէ կը փափաքի, որ բանակցութիւնները Պոլսոյ մէջ...

Սուրիոյ Մէջ Վառելանիւթի Գիներու Աճին  Պատճառով Զանգուածային Ցոյցեր

Սուրիոյ Մէջ Վառելանիւթի Գիներու Աճին Պատճառով Զանգուածային Ցոյցեր

Սուրիոյ մէջ վառելանիւթի գիներու կտրուկ աճին պատճառով զանգուածային բողոքի ցոյցեր սկսած են: Այս մասին կը հաղորդեն սուրիական լրատուամիջոցները: Ցոյցերը սկսած են 13 սեպտեմբերի առաւօտեան եւ շարունակուած են ամբողջ օրն ու գիշերը: Ցոյցեր տեղի ունեցած են Ռաքքայի, Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ: Երեկոյեան ցուցարարները, որոնք դժգոհ են վառելանիւթի գինին 40 առ հարիւրով աճէն, փակած են Սուրիոյ առանցքային «Էմ5» մայրուղին եւ սկսած անիւներ...

Արձագանգելով Փաշինեանի Յայտարարութեան.  Փեսքով. «Հայաստանի Համար ՀԱՊԿ-էն Վտանգ Չկայ»

Փեսքով. «Մօտիկ Ապագային Եռակողմ Հանդիպում Կ՛ակնկալենք»

Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ մօտիկ ապագային ուքրանական հարցի կարգաւորման շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ հետ եռակողմ հանդիպում տեղի ունենայ: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մենք յոյս ունինք, որ ատիկա մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ», ըսած է ան: Փեսքով ընդգծած է, որ այս հարցերուն շուրջ քննարկումները արդէն տեղի ունեցած են: Սակայն, ներկայիս, ըստ անոր, Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման նոր...

Այսօր Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի  Արաբական Երկիրներ Ժողով

Այսօր Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողով

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ յայտարարեց, թէ այսօր Օմանի մէջ սպասուող ժողովը պիտի կեդրոնանայ Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային նոր ուղիին վրայ: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ժողովի մասնակից երկիրներուն պիտի ներկայացնէ Օմանի հետ համաձայնութեան մանրամասնութիւններն ու նեղուցին մէջ նոր ուղիին առնչուող քարտէսները` աւելցնելով, որ Մասքաթի հետ համաձայնութիւնը որեւէ ձեւով կենսական նեղուցի վերաբացումը չի նշանակեր: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը...

Հուսիներուն Պապ Մանտեպի Շրջանին Վրայ  Վերահսկողութիւն Հաստատելէն Ետք.  Ամերիկեան Քայլեր Եւ Ռուսական Մտահոգութիւն

Հուսիներուն Պապ Մանտեպի Շրջանին Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատելէն Ետք. Ամերիկեան Քայլեր Եւ Ռուսական Մտահոգութիւն

Եմէնի մէջ հուսիներու աշխարհի վրայ կարեւորագոյն ծովային անցքերէն մէկը եղող Պապ Մանտեպի շրջանին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելէն ետք, ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանային գործընկերներու հետ կ՛աշխատին Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկումի ազատութիւնը պաշտպանելու ջանքերը ամրապնդելու, ապահովական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ իրենց շահերը պաշտպանելու: «Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Պապ Մանտեպ նեղուցին մէջ կացութիւնը...

Թրամփի Յայտարարութենէն Երկու Օր Ետք.  Հիւսիսային Իրլանտայի, Սկովտիոյ Եւ Կալեսի  Ղեկավարները Այսօր Պիտի Գումարեն Ժողով Մը`  Բրիտանիոյ Մասնատումը Ծրագրելու Համար

Թրամփի Յայտարարութենէն Երկու Օր Ետք. Հիւսիսային Իրլանտայի, Սկովտիոյ Եւ Կալեսի Ղեկավարները Այսօր Պիտի Գումարեն Ժողով Մը` Բրիտանիոյ Մասնատումը Ծրագրելու Համար

Սկովտիոյ, Հիւսիսային Իրլանտայի եւ Կալեսի ղեկավարները այսօր պիտի գումարեն ժողով մը` ստորագրելու համար Բրիտանիոյ մասնատման հոլովոյթը սկսելու համաձայնութիւն մը: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը: Արտակարգ ժողովը պիտի գումարուի Քարտիֆի մէջ, ուր երեք կառավարութիւններուն ղեկավարները պիտի ստորագրեն անկախութեան շուրջ հանրաքուէի կայացման իրաւունք պահանջող միացեալ յայտարարութիւն մը: Բրիտանիոյ վարչապետ Էնտի Պըռնհամ բրիտանական խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, թէ Սկովտիոյ մէջ նոր հանրաքուէի...

Լաւրով. «Ռուսիա Ուքրանիոյ Շուրջ  Բանակցութիւններու Ընթացքին Զինուորական  Յատուկ Գործողութիւնը Պիտի Չդադրեցնեէ»

Լաւրով. «Ռուսիա Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւններու Ընթացքին Զինուորական Յատուկ Գործողութիւնը Պիտի Չդադրեցնեէ»

Ռուսիան Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին զինուորական յատուկ գործողութիւնը պիտի չդադրեցնէ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Մոսկուա հրաւիրելը Ռուսիոյ կողմէ բարի կամեցողութեան դրսեւորման հսկայական ժեստ է: Մինչ այդ, Զելենքսի յայտարարած էր, որ պատրաստ է Մայամիի մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպելու Փութինի հետ, եթէ Փութինը եւս...

Ճինփինկ. «Չինաստանը Պատրաստ Է Միջին Արեւելքի Մէջ  Խաղաղութեան Հաստատման Օժանդակելու»

Ճինփինկ. «Չինաստանը Պատրաստ Է Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Օժանդակելու»

Չինաստանը պատրաստ է ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներուն հետ իր ներդրումը ունենալու Միջին Արեւելքի եւ Արաբական ծոցի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Այս մասին ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ: Չինաստանի ղեկավարը ընդգծած է նաեւ, որ կազմակերպութիւնը պէտք է յառաջատար դեր ստանձնէ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ: Ան ՊՐԻՔՍ-ի անդամ պետութիւններուն կոչ ուղղած է հետեւելու միջազգային յարաբերութիւններուն...

Մոտի. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բարեփոխումը Անյետաձգելի Դարձած Է»

Մոտի. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Բարեփոխումը Անյետաձգելի Դարձած Է»

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած էե որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բարեփոխումը այլեւս չի կրնար յետաձգուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով «Տը Նիու Ինտիըն Էքսփրես»-ը: «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բարեփոխման նիւթով բանակցութիւններու ծիրին մէջ անհրաժեշտ է սահմանել յստակ ժամանակացոյց ու ձգտիլ որոշակի արդիւնքներու», աւելցուցած է Մոտին: ՊՐԻՔՍ-ի 18-րդ վեհաժողովը  տեղի ունեցաւ 12-13 սեպտեմբերին Նիւ Տելհիի «Պհարաթ Մանտափամ» համալիրին...

Իսրայէլ Որոշեց Փակել Արեւելեան  Երուսաղէմի Մէջ Բրիտանիոյ Հիւպատոսարանը

Իսրայէլ Որոշեց Փակել Արեւելեան Երուսաղէմի Մէջ Բրիտանիոյ Հիւպատոսարանը

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը եւ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իսրայէլ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Բրիտանիոյ հիւպատոսարանին յայտնած է, որ պէտք է փակուի, եւ այդտեղ գործող դիւանագէտները 30 օրէն պիտի կորսնցնեն իրենց հաւատարմագիրները: Լաւատեղեակ աղբիւրը լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ Կազայի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած համակարգումի առաքելութեան մաս կազմող բրիտանացիները, ինչպէս նաեւ Ռամալլա բնակող բրիտանացի դիւանագէտները պէտք է...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Պիտի Աւարտի Քոնկրեսի Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Պիտի Աւարտի Քոնկրեսի Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի հետ պատերազմը պիտի աւարտի Միացեալ Նահանգներու մէջ միջանկեալ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Թրամփ ըսաւ, որ Թեհրան դժուարութեամբ կը շարունակէ կռուիլ եւ «խոր ճգնաժամ» կը դիմագրաւէ: Անոր համաձայն, իրանեան հրթիռային կարողութիւնները մեծ մասամբ քանդուեցան, ինչ որ յաւելեալ հրթիռներու արտադրութիւնը շատ դժուարացուց, սակայն ընդունեց, որ Իրան...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Մերժած Է Հուսիներուն Ամերիկեան  Հարուածներ Հասցնելու Պըն Սալման Իշխանի Խնդրանքը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Մերժած Է Հուսիներուն Ամերիկեան Հարուածներ Հասցնելու Պըն Սալման Իշխանի Խնդրանքը

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը հինգշաբթի օր հեռաձայնային երկու հաղորդակցութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ կոչ ուղղած` հուսիներուն հարուածելու: Ամերիկեան կայքը կը նշէ, որ Թրամփ մերժած է խնդրանքը: Ամերիկացի պաշտօնատարներ ըսած են, թէ ամերիկեան վարչակազմը ներկայիս մտադիր չէ հուսիներուն դէմ զինուորական ուղղակի քայլեր որդեգրել:

Վանս. «Իրանի Առջեւ Շատ Ընտրանքներ Չմնացին»

Վանս. «Իրանի Առջեւ Շատ Ընտրանքներ Չմնացին»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանը զրկած են իր նաֆթարդիւնաբերութեան արտածումէն, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ուժանիւթի ոլորտէն անոր եկամուտները դադրին: Վանս աւելցուց, որ Թեհրանի առջեւ գտնուող ընտրանքները այլեւս սահմանափակ են: Ան նշեց, որ կարելի է Իրանի հետ համաձայնութիւն ձեռք ձգել, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուզէ այդ ուղղութեամբ ընթանալ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Page 8 of 881 1 … 7 8 9 … 881

Արխիւներ