Մաթիսի Հետ Հանդիպումին Մը Ընթացքին. Էրտողան «Նեղութիւն» Կ՛արտայայտէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Ցուցաբերուած Ամերիկեան Աջակցութեան Նկատմամբ
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ ըստ թրքական նախագահական աղբիւրներու, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Անգարայի նեղութիւնը արտայայտած է Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն ցուցաբերուած աջակցութեան նկատմամբ: Աղբիւրները յայտնած են, որ Էրտողան եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը շեշտած են:




















