Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հերքեց Թուրքիոյ այն պնդումը, թէ երկու երկիրները Իրաքի քիւրտերուն դէմ միացեալ զինուորական գործողութիւն մը կը ծրագրեն` նշելով. «Մենք Իրանի սահմանէն դուրս որեւէ գործողութիւն չենք ծրագրած»:
Պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք պիտի շարունակենք դէմ դնել որեւէ ուժի, խմբաւորումի, խմբակի կամ անձի, որ կը փորձէ ներթափանցել իրանեան հողեր` ահաբեկչական գործողութիւններ շղթայազերծելու կամ մեր ապահովութիւնը քայքայելու համար»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, թէ Իրանի հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ միացեալ զինուորական գործողութիւն մը օրակարգի վրայ է: