Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Աֆղանիստանի Հարցով Իր Ռազմավարութիւնը Յայտարարեց

Օգոստոս 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն յայտնեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ համաձայն գտնուած է Թալեպան շարժումին հետ բանակցութիւններուն:

Թրամփ նաեւ որոշած է 4000 ամերիկացի զինուորներ ուղարկել Աֆղանիստան` «պատերազմէն բզկտուած երկրին մէջ անվտանգութեան վատթարացած իրավիճակի դարմանումին համար»:

Թրամփ Ուաշինկթընի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող «Ֆորթ Մայըր» ռազմակայանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ Ուաշինկթընի նոր ռազմավարութիւնը: «Ես այստեղ եմ Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ ուղին ճշդելու համար», ըսաւ ան` նշելով. «Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը ամերիկեան պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ պատերազմն է»:

«Պաշտպանութեան նախարար Մաթիսէն եւ ազգային անվտանգութեան խմբակէն Աֆղանիստանի մէջ անհրաժեշտ ընտրանքները պահանջեցի, եւ մեր երկիրը պէտք է ձգտի մնայուն արդիւնքի մը, որ արժանի է մեր զոհողութիւններուն, եւ մեր զոհողութիւն կատարած տղաքը արժանի են յաջող ծրագիրի մը», աւելցուց ան:

«Արագ հեռացումի մը արդիւնքները կրահելի են եւ անընդունելի, ատիկա պիտի ստեղծէ բաց մը, որ ՏԱՀԵՇ-ը պիտի լեցնէ», յայտնեց Թրամփ` նշելով, որ կարելի չէ կրկնել Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի նախկին ղեկավարներուն գործած սխալները: «Մեր շահերը, որոնց ձեռքբերման համար պայքարեցանք Իրաքի մէջ, արագ հեռացման պատճառով սահեցան, գացին»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ Փաքիստան ահաբեկչութեան ու բռնարարքներու հովանաւորներուն ապաստան կու տայ: «Պէտք է վերջ տանք Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ ահաբեկիչներուն ապահով ապաստաններուն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Փաքիստան «շատ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ չպայքարի ահաբեկիչներուն դէմ, որոնք իր հողերուն վրայ ապաստանած են»:

«Այլեւս չենք կրնար լուռ մնալ փաքիստանեան ապաստաններուն նկատմամբ, որոնք տրամադրուած են ահաբեկչական խմբաւորումներուն, Թալեպան շարժումին եւ ուրիշներու, որոնք շրջանին ու այլ շրջաններու վտանգ կը ներկայացնեն», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Փաքիստան շատ պիտի օգտուի Աֆղանիստանի մէջ մեզի հետ գործակցելով, սակայն շատ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ շարունակէ ոճրագործներուն եւ ահաբեկիչներուն ապաստան տալ»:

Թրամփ ըսաւ, որ պիտի շարունակէ Թալեպան շարժումի դէմ պայքարին մէջ աջակցիլ աֆղանական կառավարութեան, սակայն «աֆղաններուն պիտի չթելադրենք ինչպէս կառավարել իրենց երկիրը,  օտար երկիրներու մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման համար զինուորական ուժ պիտի չօգտագործենք եւ գործընկերներու հետ մեր հասարակաց շահերու պաշտպանութեան վրայ պիտի աշխատինք»: «Զինուորական ուժը առանձինը չի կրնար Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութիւն իրագործել, սակայն ռազմավարական ձեւով օգտագործուող ուժին նպատակը յարմար պայմաններ ապահովելն է, որպէսզի քաղաքական հոլովոյթը մնայուն խաղաղութեան հասնի», ըսաւ ան:

Թրամփ յայտարարեց, որ ահաբեկչական ցանցերը հարուածելու զինեալ ուժերուն լիազօրութիւնը պիտի ընդլայնի, «եւ վրիժառութիւնը շատ արագ պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ վերցուած են այն կաշկանդումները, որոնք պաշտպանութեան նախարարին եւ մարտական ղեկավարներուն կ՛արգիլեն արագ պատերազմներ շղթայազերծել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են աֆղանական կառավարութեան եւ թալեպաններուն միջեւ առանց նախապայմաններու խաղաղութեան բանակցութիւններու աջակցելու:

Խօսելով Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ իր երկրին նոր ռազմավարութեան մասին` Թիլըրսըն ըսաւ. «Նոր ռազմավարութիւնը ամբողջական է եւ Փաքիստանէն, Աֆղանիստանէն ու Հնդկաստանէն դիւանագիտական մասնակցութիւն կը պահանջէ` հասունցնելու համար շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման պայմանները, ինչպէս նաեւ յստակօրէն կ՛աջակցի Աֆղանիստանի ժողովուրդին ու կառավարութեան, եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ ահաբեկչութեան դէմ կառավարութեան եւ անոր ապահովական մարմիններուն պայքարին ու երկրին մէջ ապահով ապաստաններու վերստեղծման կանխարգիլման»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ նոր ռազմավարութիւնը նախորդէն կը տարբերի անով, որ արհեստական ժամանակացոյց մը չի ճշդեր:

«Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի ահաբեկիչները ապահով ապաստաններէ զրկելը կը բխի ամերիկեան շահերէն», ըսաւ Թիլըրսըն եւ ընդգծեց, որ Հնդկաստանը պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան երաշխաւորման կարեւոր գործընկեր մը:

Միւս կողմէ, Թալեպան շարժումի բանբեր Զապիհալլա Մուժահետ Թրամփի արտասանած խօսքէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Եթէ Ամերիկան իր ուժերը մօտ օրէն չհեռացնէ Աֆղանիստանէն, Աֆղանիստանը այդ գերտէրութեան համար 21-րդ դարուն այլ գերեզման մը պիտի դառնայ»:

Ան նշեց, որ Թալեպան շարժումը կը մերժէ Թրամփի «անորոշ» ռազմավարութիւնը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետը Պիտի Այցելէ Իրան

Յաջորդը

Վերահաստատելով Քրտական Հանրաքուէի Դէմ Իր Երկրին Կեցուածքը` «Միացեալ Նահանգներ Կը Մերժեն Իրաքի Մասնատման Որեւէ Միջոցառում» Յայտարարեց Մաթիս

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?