Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Եւ Հարաւային  Քորէա Ռազմափորձերու Սկսան

Միացեալ Նահանգներ Եւ Հարաւային Քորէա Ռազմափորձերու Սկսան

«ՌԻԱ Նովոսթի» երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Քորէա երէկ միացեալ տասնօրեայ ռազմափորձերու սկսան: Ռազմափորձերուն մասին անցեալ շաբաթ յայտարարած էր Հարաւային Քորէան` Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ լարուածութեան աճի լոյսին տակ: Հակառակ անոր որ Ուաշինկթըն եւ Սէուլ կը պնդեն, թէ ռազմափորձերը պաշտպանական բնոյթի են, Հիւսիսային Քորէա դատապարտած է զանոնք` նախազգուշացնելով, որ անոնք կրնան յանգեցնել աղէտալի հետեւանքներու: Փիոնկիանկի մէջ...

Պարսելոնայի Մէջ Ահաբեկչական  Յարձակումին Հեղինակը Սպաննուեցաւ

Պարսելոնայի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակումին Հեղինակը Սպաննուեցաւ

Պարսելոնայի մէջ ահաբեկչական յարձակումին հեղինակը հետապնդող ոստիկանութիւնը քաղաքին արեւմուտքը գտնուող շրջանի մը մէջ կրակ բացաւ եւ սպաննեց զայն: Կը թուէր, որ ան ականուած գօտի մը կը կրէ: Դէպքը պատահեցաւ Սուպիրացի մէջ` ճամբու մը վրայ: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, դիմակայումի ժամանակ ան «Ալլահու Աքպար» բացագանչած է:

Սինկափուրի Մօտ Ամերիկեան  Մարտանաւ Մը Եւ Քարիւղատար  Նաւ Մը Իրարու Բախեցան

Սինկափուրի Մօտ Ամերիկեան Մարտանաւ Մը Եւ Քարիւղատար Նաւ Մը Իրարու Բախեցան

Ամերիկեան ծովուժը յայտնեց, որ ամերիկացի 10 նաւաստիներ կորսուած են եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ ամերիկեան մարտանաւ մը եւ քարիւղատար նաւ մը Սինկափուրի մօտ իրարու բախած են: «Ճոն ՄքՔէյն» հրթիռարձակ խորտընկէցը Սինկափորի արեւելքը կը նաւարկէր եւ կը պատրաստուէր մուտք գործել նաւահանգիստ, երբ լիպերիական դրօշը բարձրացուցած նաւուն հետ բախումը տեղի ունեցած է: Երկու նաւերն ալ վնասուած են: «Ճոն ՄքՔէյն» մաս կը կազմէ...

Մարսէյի Մէջ Փոքր Փոխադրակառք Մը  Ներխուժեց Փոխադրակառքերու  Սպասման Վայր Մը

Մարսէյի Մէջ Փոքր Փոխադրակառք Մը Ներխուժեց Փոխադրակառքերու Սպասման Վայր Մը

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Մարսէյի մէջ կին մը սպաննուած է, երբ փոքր փոխադրակառք մը ներխուժած է փոխադրակառքերու սպասման վայր մը: Վարորդը ձերբակալուած է: Անոր վարած մեքենան առաւօտեան քաղաքին մէկ այլ շրջանին մէջ ներխուժած էր փոխադրակառքի սպասման վայր մը` լրջօրէն վիրաւորելով անձ մը: Ֆրանսացի դատախազներ յայտնեցին, որ դէպքը չի նկատուիր ահաբեկչական արարք մը: Ֆրանսայի ընդհանուր դատախազ Ֆրանսուա Մոլանս յայտարարեց, որ Մարսէյի...

Ռուսիա Պիտի Պատասխանէ.  Միացեալ Նահանգներ Դադրեցուցին  Ռուսիոյ Մէջ Ոչ Ներգաղթային Մուտքի  Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Ռուսիա Պիտի Պատասխանէ. Միացեալ Նահանգներ Դադրեցուցին Ռուսիոյ Մէջ Ոչ Ներգաղթային Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Միացեալ Նահանգներ 23 օգոստոսէն կը դադրեցնեն Ռուսիոյ ամբողջ տարածքին մէջ ոչ ներգաղթային մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը: Այդ մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ ատիկա առնչուած է դիւանագիտական առաքելութեան աշխատակիցներու թիւի կրճատման վերաբերեալ ռուսական իշխանութիւններու որոշման հետ: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ սահմանափակումները պիտի գործեն այնքան ատեն որ ամերիկացի դիւանագէտներու թիւը չէ...

Տէր Զօրի Մօտ Ռուսական Օդուժի  Հարուածէն Սպաննուած Է  ՏԱՀԵՇ-ի  Աւելի Քան 200 Զինեալ

Տէր Զօրի Մօտ Ռուսական Օդուժի Հարուածէն Սպաննուած Է ՏԱՀԵՇ-ի Աւելի Քան 200 Զինեալ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական օդուժը հարուածած է ՏԱՀԵՇ-ի մէկ կարաւանը, որ կ՛ուղղուէր դէպի Տէր Զօր: Ինչպէս նաեւ հարուածած է այլ մեծ խմբաւորում մը, որ դարձեալ կ՛ուղղուէր Տէր Զօր, ուր ահաբեկիչները կը փորձեն վերախմբուիլ եւ իրենց շարքերը վերակազմակերպել: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ ռուսական օդուժը սպաննած է ՏԱՀԵՇ-ի աւելի քան 200 զինեալներ, ինչպէս նաեւ խորտակած աւելի քան 20 հրասայլեր...

Սպանիա Մերժած Է Կալանքի Տակ Պահել  Թուրքիոյ Պահանջով Ձերբակալուած  Գերմանաբնակ Լրագրողը

Սպանիա Մերժած Է Կալանքի Տակ Պահել Թուրքիոյ Պահանջով Ձերբակալուած Գերմանաբնակ Լրագրողը

Սպանիոյ դատարանը մերժած է 40 օրուընէ աւելի կալանքի տակ պահել Թուրքիոյ պահանջով ձերբակալուած գերմանաբնակ թուրք լրագրող Տողան Աքհանլըն: Վերջինս կիրակի օր ազատ արձակուած էր: Թուրքիոյ կողմէ հետախուզուող Աքհանլը ձերբակալուած էր Կրանատայի մէջ, սակայն Պերլինի միջամտութենէն ետք իրավիճակը փոխուած է, կը գրէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը: «Պայքարը հասաւ իր նպատակին», ընկերային ցանցերէն մէկուն իր էջին վրայ գրած էր թուրք լրագրողի գերմանացի փաստաբանը,...

Քննարկելու Համար Սուրիոյ Մէջ  Իսրայէլի Պահանջները`  Նեթանիահու Չորեքշաբթի Օր Սոչիի Մէջ  Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

Քննարկելու Համար Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլի Պահանջները` Նեթանիահու Չորեքշաբթի Օր Սոչիի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորեքշաբթի օր նախապէս չծրագրուած այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Սոչի, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ մէջ վերջին դասաւորումներուն առնչուող իսրայէլեան պահանջները: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ հարաւային Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման շուրջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը շատ կը...

Իսլանտայի Մէջ Ինքնաշարժը Մխրճուած Է  Միջազգային Օդակայանի Ժամանման Սրահ

Իսլանտայի Մէջ Ինքնաշարժը Մխրճուած Է Միջազգային Օդակայանի Ժամանման Սրահ

Իսլանտայի մէջ ոստիկանութեան կողմէ կարգազանց վարորդի մը հետապնդումը աւարտած է, երբ ինքնաշարժը մխրճուած է մայրաքաղաք Ռէյքիավիքէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քեֆլավիք միջազգային օդակայանի ժամանման սրահ: Այս մասին կը հաղորդէ «Այսլանտ Մոնիթըր»-ը: Ականատեսներէն մէկուն համաձայն, ինքնաշարժին վարորդը շուրջ 20 տարեկան է: Երիտասարդը սկիզբը ձեռքերը վեր բարձրացուցած է` ձեւացնելով, թէ կը յանձնուի, սակայն երբ ոստիկանը անոր մօտեցած է, երիտասարդը հարուածած է...

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարները Սեպտեմբերին  Պիտի Հանդիպին Պաքուի Մէջ

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Սեպտեմբերին Պիտի Հանդիպին Պաքուի Մէջ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները սեպտեմբերի սկիզբը հանդիպում պիտի ունենան Պաքուի մէջ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն, Էլմար Մամետեարով, Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Միխայիլ Ճանելիծէ մտադիր են քննարկել եռակողմանի համագործակցութիւնը, շրջանային նախագիծերն ու Հարաւային Կովկասի իրավիճակը: Երեք երկիրները կ՛իրականացնեն միացեալ շարք մը մեծ ծրագիրներ, ներառեալ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարն ու Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին:  

Իրանեան Դատարան Մը Միացեալ Նահանգներէն  Կը Պահանջէ 245 Միլիոն Տոլարի Փոխհատուցում`  Իրաքեան Պատերազմի Ընթացքին Քիմիական  Յարձակումներէն Վնասուածներու Համար

Իրանեան Դատարան Մը Միացեալ Նահանգներէն Կը Պահանջէ 245 Միլիոն Տոլարի Փոխհատուցում` Իրաքեան Պատերազմի Ընթացքին Քիմիական Յարձակումներէն Վնասուածներու Համար

Իրանեան դատարանը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն պահանջած է 245 միլիոն տոլարի փոխհատուցում վճարել 1980-1988 թուականներուն Իրան-Իրաք պատերազմի ժամանակ Սատտամ Հիւսէյնի զօրքերուն կողմէ գործուած քիմիական յարձակումներէն վնասուածներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով իրանեան լրատու գործակալութեան: «Քիմիական զէնքի օգտագործումով ռմբակոծումի ժամանակ վնասուածները հայց ներկայացուցած են, եւ դատարանը որոշում տուած է 18 վնասուածներուն փոխհատուցում տալ եւ սահմանած գումարին չափը», յայտնած է...

«Անկարելի Է Եւրոպայի Անվտանգութիւնը  Երաշխաւորել Առանց Ռուսիոյ»  Կ՛ըսէ Եունքըր

Եունքըր. «Եւրոպան Չի Կրնար Իր Պաշտպանութեան Համար Յոյսը Դնել Միացեալ Նահանգներու Վրայ»

«Փոլիթիքօ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքըր յայտարարած է, թէ Եւրոպան չի կրնար իր պաշտպանութեան համար յոյսը դնել Միացեալ Նահանգներու վրայ: «Հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ, թէ մենք չենք կրնար յոյս դնել Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ պաշտպանութեան վրայ», նշած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը:

«Անգարայի Նկատմամբ Մեր  Քաղաքականութիւնը  Պիտի Շարունակէ Մնալ Կարծր»  Կ՛ըսէ Կապրիէլ

«Անգարայի Նկատմամբ Մեր Քաղաքականութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կարծր» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ փոխել Թուրքիոյ նկատմամբ կարծր քաղաքականութիւնը` նշելով, որ Գերմանիան ստիպուած է այդ քաղաքականութիւնը երկար ատեն վարել եւ չի նախատեսեր, որ կացութիւնը փոխուի քանի մը շաբաթէն: Կապրիէլ ընդգծեց, որ ներկայ փուլին կարելի չէ Մաքսային միութեան ստեղծման շուրջ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները շարունակել: «Թուրքիոյ կողմէ ձերբակալուած գերմանացի քաղաքացիներուն նկատմամբ...

Հակադարձելով Զինք Շատ Լուրջի  Չառնելու Մասին Կապրիէլի Յայտարարութեան`  «Դուն Ո՞վ Ես, Քանի՞ Տարեկան Ես,  Որ Թուրքիոյ Նախագահին Մասին Կը Խօսիս»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Հակադարձելով Զինք Շատ Լուրջի Չառնելու Մասին Կապրիէլի Յայտարարութեան` «Դուն Ո՞վ Ես, Քանի՞ Տարեկան Ես, Որ Թուրքիոյ Նախագահին Մասին Կը Խօսիս» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արձագանգած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի` իր մասին օրեր առաջ յայտնած կարծիքներուն եւ յայտնած իր վրդովմունքը: Կապրիէլ օրեր առաջ «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` խօսելով Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած Գերմանիոյ քաղաքացի լրագրող Տենիզ Եուճելի մասին, յայտնած էր, որ ան պատանդ է: «Մենք երկար ժամանակ Էրտողանի հարցին մէջ կ՛աշխատէինք տրամաբանական դիրքորոշում դրսեւորել:...

«Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէի  Յետաձգումը Բացառուած Է»  Կ՛ըսէ Պարզանի

«Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէի Յետաձգումը Բացառուած Է» Կ՛ըսէ Պարզանի

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց. «Մարզի Իրաքէն անջատման շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ ճշդուած թուականին` 25 սեպտեմբերին, եւ ատոր յետաձգումը բացառուած է»: Ան ընդգծեց, որ յետաձգումը բացառուած է, եւ իրենք չեն ուզեր անցնող 100 տարիներու ձախող փորձառութեան վերադառնալ, ուստի որդեգրած են հանրաքուէի ընտրանքը: Պարզանի հերքեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընին խոստացած է յետաձգել հանրաքուէն`...

Թրամփի Համոզումով` Բողոքի Ցոյցերը  Պիտի Միաւորեն  Միացեալ Նահանգներու Քաղաքացիները

Թրամփի Համոզումով` Բողոքի Ցոյցերը Պիտի Միաւորեն Միացեալ Նահանգներու Քաղաքացիները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ զանգուածային բողոքի ցոյցերը կրնան միաւորել ամերիկացի ժողովուրդը եւ «պառակտուած երկիրը»: Այս մասին ան գրած է «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ: «Մեր հզօր երկիրը տասնամեակներ շարունակ կը մնայ պառակտուած վիճակի մէջ: Երբեմն պէտք է բողոք` յանուն բուժման, եւ մենք պիտի բուժուինք ու պիտի ըլլանք աւելի հզօր, քան երբեւէ», գրած է Թրամփ: Բացի ատկէ,...

Պելճիքայի Մէջ Ինքնաշարժը Դիտմամբ  Մխրճուած Է Խումբ Մը Մարդոց Մէջ

Պելճիքայի Մէջ Ինքնաշարժը Դիտմամբ Մխրճուած Է Խումբ Մը Մարդոց Մէջ

Պելճիքայի մէջ ինքնաշարժի վարորդ մը դիտմամբ իր ինքնաշարժը մխրճած է երեկոյթի մասնակիցներու խումբի մը մէջ, այդ պատճառով ալ արձանագրուած են չորս վիրաւորներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պելկա» լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւրին համաձայն, միջադէպը տեղի ունեցած է 19-էն 20 օգոստոս լուսցող գիշերը` տեղական ժամանակացոյցով ժամ 3:50-ին` Լիւքսամպուրկ գաւառի Ասենուա քաղաքին մէջ: Լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով դատախազութեան ներկայացուցիչին,...

Ֆինլանտական Ոստիկանութիւնը  Թուրքուի Մէջ Շէնքեր Խուզարկած Է

Ֆինլանտական Ոստիկանութիւնը Թուրքուի Մէջ Շէնքեր Խուզարկած Է

Ֆինլանտական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքուի մէջ տեղի ունեցած դաշոյնով յարձակումին հետաքննութեան հարցով քաղաքին մէջ շէնքերու խուզարկումներ կատարած է, սակայն նոր ձերբակալութիւններ չէ կատարած: Ոստիկանութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ տակաւին չէ կրցած հանդիպում ունենալ յարձակումին հեղինակին հետ, որովհետեւ ան կը մերժէ խօսիլ` աւելցնելով. «Մարոքցի չորս այլ անձեր յարձակումին իրենց մեղսակցութեան պատճառով ձերբակալուեցան, սակայն անոնց իսկական դերակատարութիւնը տակաւին չէ բացայայտուած»: Ֆինլանտական...

Ասատ Էրտողանը «Քաղաքական  Մուրացկան» Անուանած Է

Ասատ Էրտողանը «Քաղաքական Մուրացկան» Անուանած Է

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնած է, որ այլեւս գործընկեր չի նկատեր Թուրքիան: Այս մասին ան խօսած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ հանդիպումին ժամանակ: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Ասատ յիշեցուցած է, որ Սուրիա պատրաստ եղած է քննարկելու պատերազմի դադրեցման ուղղուած բոլոր առաջարկները, հակառակ անոր որ նախապէս իմացած է, թէ անոնց մեծ մասը առաջադրուած է ոչ լաւ մտադրութիւններով: Թուրքիոյ նախագահ...

Քաթալոնիոյ Ոստիկանութիւնը  Ահաբեկչական  Յարձակումի Համար Պատրաստուած  120 Պիւթակազ Յայտնաբերած Է

Քաթալոնիոյ Ոստիկանութիւնը Ահաբեկչական Յարձակումի Համար Պատրաստուած 120 Պիւթակազ Յայտնաբերած Է

Քաթալոնիոյ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ յայտնաբերած է պիւթակազի շիշերէ կազմուած 120 ռումբեր, որոնք պատրաստուած էին ահաբեկչական գործողութեան մը կամ մէկէ աւելի գործողութեան ընթացքին գործածուելու համար: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ Պարսելոնայի յարձակումին փախստական գլխաւոր հեղինակին առնչուած երեք փոխադրակառքեր գտնուած են: Յիշեցնենք, որ փոքր փոխադրակառք մը հինգշաբթի օր Պարսելոնայի մէջ վրայերթ կատարելով սպաննած էր 13 անձեր եւ աւելի քան 100 ուրիշներ վիրաւորած: Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց...

Page 676 of 883 1 … 675 676 677 … 883

Արխիւներ