Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Մոսատի եւ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահներուն հետ այցելեց Սոչի, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Նեթանիահու յայտարարեց, որ Սուրիոյ տարածքին Իրանի գործողութիւնները կը վտանգեն ո՛չ միայն Իսրայէլի եւ Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի անվտանգութիւնը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Նեթանիահու շեշտած է, թէ Իրան այսօր մեծ ջանքեր կը գործադրէ Սուրիոյ մէջ իր դիրքերը ամրապնդելու համար, ինչ որ վտանգաւոր է ամբողջ աշխարհի համար:
Ըստ անոր, Իրան այսօր կը գտնուի շարք մը երկիրներու մէջ ազդեցութեան տարածման բարձր մակարդակի վրայ. Իրան կրնայ որոշակի վերահսկողութիւն սահմանել Իրաքի եւ Եմէնի մէջ, ինչպէս նաեւ գործնականին մէջ կ՛ազդէ Լիբանանի մէջ զարգացող շարք մը իրադարձութիւններու վրայ:
«Մենք միացեալ ջանքերով կը յաղթենք ՏԱՀԵՇ-ին, սակայն ատոր բացասական կողմը այն է, որ հոն, ուր պարտութեան կը մատնուի ու կ՛անհետանայ ՏԱՀԵՇ-ը, այնտեղ կը մտնէ Իրանը: Մենք չենք կրնար վայրկեան մը իսկ մոռնալ, թէ Իրան կը սպառնայ Իսրայէլի պետութեան գոյութեան, կը զինէ ահաբեկչական խմբաւորումները եւ կը նախաձեռնէ ահաբեկչական արարքներ», ըսած է Նեթանիահու Փութինի հետ զրոյցին ընթացքին: