Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանին յորդորած է յետաձգել 25 սեպտեմբերին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին գրած է «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը:
Փենթակոն յայտնած է, որ Մաթիս Էրպիլի մէջ Պարզանիի հետ հանդիպումի ընթացքին քիւրտերը յորդորած է տարակարծութիւնները լուծելու համար երկխօսութիւն կատարել Իրաքի իշխանութիւններուն հետ:
Օրաթերթը մեկնաբանելով Մաթիսի կոչը կը նշէ. «Ատիկա նոր ազդակ դարձած է Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներուն կողմէ, որոնք կը զգուշացնեն, որ հանրաքուէն կրնայ քաղաքական նոր անկայունութեան յանգեցնել երկրին մէջ այնպիսի ժամանակ մը, երբ Իրաքի մէջ կը շարունակուի պայքարը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ»:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւս հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Պարզանին յորդորած էր հանրաքուէն յետաձգել: